Երէկ գիշեր, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Մարքօ Ռուպիօ։ Հանդիպումը տեւած է 50 վայրկեան։

Հանդիպումէն ետք Ռուպիօ կրկած է Թրամփի կոչը՝ դադրեցնել Ուքրանիոյ պատերազմը։ Ան ընդգծեր է Մոսկուայի կողմէ կարեւոր քայլերու անհրաժեշտութիւնը ռուս-ուքրանական պատերազմի դադրեցման համար։

Լավրով եւ Ռուպիօ վերջին անգամ հանդիպած էին Յուլիս 10ին Մալիզիոյ մէջ, ուր անոնք երկու ժամ տեւողութեամբ քննարկումներ ունեցած էին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ