
Եւրոպական գիտական եւ մշակութային համայնքի խորհուրդը եւ պուլկարական մշակութային եւ գիտական վերնախաւի ակումբը, Պուլկարիոյ արտաքին գործոց եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու եւ Մեզտրա քաղաքի քաղաքապետարանի հետ միասին, «Միջազգային մշակութային համագործակցութիւն» նախաձեռնութեան եւ Մեզտրա քաղաքի 75ամեակի գծով Հայաստանի դեսպանութեան արժանացուցած է «Մշակութային ոսկէ մետաղադրամ» մրցանակին:
Դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ դեսպան Ծովինար Համբարձումեան հրաւիրուեր է Մեզտրա քաղաք, որպէս մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութեան պատուաւոր հիւր։
Միջոցառումը տեղի տեղի ունեցած է 19 Սեպտեմբեր 2025ին։ Իր ելոյթին մէջ Ծովինար Համբարձումեան շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն, նման բարձր գնահատականի արժանանալու համար։







Մեկնաբանէ