
Վան քաղաքի Վերին Պաքրաչլը թաղամասի բնակիչները իշխանութիւններէն պահանջած են գործնական քայլեր առնել եւ վերջնական փլուզումէ փրկել տեղի հայկական Վարագավանքը։
Այս մասին գրառում հրապարակուած «Նոր Մարմարա» օրաթերթի «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջին վրայ։
Գրառման մէջ կ՛ըսուի որ Վան քաղաքի Վերին Պաքրաչլը թաղամասին մէջ գտնուող պատմական հայկական Վարագավանքը, որուն մեծ մասը արդէն իսկ գոյութիւն չունի, կործանման եզրին է։
«Վանքի գմբէթները փլուած են, որմնանկարները եւ արձանագրութիւնները՝ վնասուած։ Վանքը, որը հանրածանօթ է որպէս «Եօթը եկեղեցիներ», կառուցուած է 8րդ դարուն՝ դառնալով հոգեւոր կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Այս կառոյցը երկար տարիներ ի վեր չէ նորոգուած եւ կը շարունակէ պահպանուիլ միայն տեղի բնակիչներուն ջանքերով։ Ամէն տարի բազմաթիւ հայ զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն վանք եւ կ՛աղօթեն աւերակներու մէջ»։







Մեկնաբանէ