
Որպէս հայ, պատմութիւնը մեր ուսերուն դրած է բեռ մը եւ խիղճին մէջ՝ առաքելութիւն մը: Մենք զաւակներն ենք այն ժողովուրդին, որ ենթարկուեցաւ ժամանակակից դարաշրջանի զանգուածային ոչնչացման ամենահամակարգուած գործողութիւններէն մէկուն՝ ցեղասպանութեան: Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ մեծագոյն դաժանութեամբ գործադրուած յանցագործութիւն էր․ ան նաեւ ազգի եւ մշակոյթ ջնջման փորձ էր, հայոց պատմական բնօրրանի զաւթում եւ հայրենազրկում: Ցեղասպանութիւնը վերապրած մեր մեծ մայրերուն եւ մեծ հայրերուն հետագայ ամբողջ կեանքը նշանաւորուած էր այս վէրքով, եւ մենք` անոնց սերունդները, կը շարունակենք կրել զայն մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ: Ահաւասիկ այս ժառանգութիւնն է, որ անհնար կը դարձնէ լռութիւնը Կազայի մէջ այսօր կատարուող վայրագութիւններուն առջեւ:
Երբ մենք կենդանի հաղորդումներով կը տեսնենք ոչնչացումը ամբողջական ընտանիքներու, հիմնայատակ կործանումը քաղաքներու եւ գիւղերու, տասնեակ հազարաւորներու փախուստը՝ կանոնաւոր բանակի մը յարձակումներէն, սովի մատնուած մանուկներ, ռազմական օդանաւերու ռմբակոծումին պատճառով վայրկեանի մը մէջ սպանդանոցի վերածուող հիւանդանոցներ եւ շարունակական մահ ու աւեր ամենուրեք՝ չենք կրնար ձեւացնել, թէ չենք ճանչնար ու չենք հասկնար այն, ինչ որ կը տեսնենք: Հայերս, թերեւս աւելի լաւ, քան ուրիշներ, գիտենք, որ ոչնչացումը չի սկսիր զանգուածային սպանութիւններով. ան կը սկսի ժողովուրդ մը անմարդկայնացնելով, ինչպէս ըրին իթթիհատական իշխանութիւնները՝ հայերու, իսկ իսրայէլեան յաջորդական կառավարութիւնները՝ պաղեստինցիներուն նկատմամբ: Կազան իրական ժամանակին մէջ կ’ապրի այդ անմարդակայնացումը՝ երկար տարիներ կեանքը արհամարհող պաշարումէ ետք ենթարկուելով այս անասելի արհաւիրքներուն, արդարացուած՝ արաբները որպէս ենթա-մարդ դասակարգելու իսրայէլեան վարդապետութեամբ: Այս բոլորէն երես դարձնելը դաւաճանութիւն է ոչ միայն պաղեստինցիներուն, այլեւ մեր սեփական նահատակներու յիշատակին նկատմամբ:
Պաղեստինցիներու ցեղասպանութեան ընդդիմանալը կամ այդ պայքարը ղեկավարելը պարտադիր չէ, որ նշանակէ զէնք վերցնել։ Ան կը նշանակէ բարձրացնել մեր ձայնը ու տեւապէս զայն պահել բարձր, օգտագործել մեր ունեցած բոլոր հարթակները` կառավարութիւններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, լրատուամիջոցներու, սփիւռքի գաղութներուն եւ Հայաստանի մէջ` ճշմարտութիւնը պնդելու համար: Ան կը նշանակէ մեր տեսածը կոչել իր իրաւական անունով` ցեղասպանութի՛ւն: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ ու չենք կրնար մեղսակից ըլլալ, որ միջազգային հանրութիւնը ծածկէ այս իրականութիւնը «հակամարտութիւն» կամ «զինուորական գործողութիւններ» անուանումներով: Յիշենք, որ իթթիհատական կառավարութիւնը նոյնպէս հայոց հայրենազրկումը կը ներկայացներ որպէս հայերու «ապահով շրջաններ տեղափոխում», իսկ զանգուածային սպաննութիւնները կը բացատրէր հետեւանք «ռուս թշնամիին հետ գործակցող» հայերու հետ զինուած բախումներու։ Հետեւաբար, հայերս չենք կրնար թոյլ տալ, որ մեր պետական ու համայնքային առաջնորդները Կազային վերաբերին որպէս հեռաւոր քաղաքական հարցի, որ իբր մեր վրայ չունի ազդեցութիւն: Եթէ հայերս չենք կրնար, աւելի ճիշդ՝ չենք ուզեր պաշտպանել պաղեստինցիները, ապա ի՞նչ իմաստ ունի մեր սեփական պահանջը յանուն արդարութեան եւ հատուցումի։
Առերես կը մնանք խոր բարոյական հրամայականի մը: Ցեղասպանութիւնը վերապրիլը կը նշանակէ ժառանգել պաշտպանութեան պարտականութիւն մը՝ ոչնչացման ենթարկուող այլոց նկատմամբ: Մեր աղէտէն վերապրածները կտակեցին աշխարհին՝ ոչ միայն յիշել իրենց ողբերգութիւնը, այլեւ կանխել անոր կրկնութիւնը: Մենք կ’անարգենք այդ պատգամը, եթէ անտարբերութեամբ արձագանգենք Կազայի ցեղասպանութեան: Պայքարը ղեկավարելը կը նշանակէ միանալ աշխարհի խղճմտանքին, որ կը մերժէ բնական նկատել զանգուածային սպանութիւնները, այդ ջանքին աւելցնել բարոյական հեղինակութիւնը այն ազգին, որ ի՛նքը անցած է նոյն դժոխքին մէջէն: Յիշենք, որ աշխարհը երբեմն մեզ կը ճանչնայ գլխաւորաբար եւ յատկապէս՝ Ցեղասպանութեա՛մբ։
Այս պարտաւորութիւնը աւելի պարզ կը դառնայ, երբ մտածենք, թէ ինչպէս կը յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ամէն 24 ապրիլին հայերը կը համախմբուին հանդիսաւոր նշելու Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Եկեղեցիներու մէջ եւ պողոտաներու երկայնքին մոմեր կը վառենք, դուրս կու գանք երթի, մեծ բազմութիւններով կը շրջապատենք յուշակոթողները՝ աշխարհի չորս ծագերուն, դրօշներ կը ծածանենք, ձայն կը բարձրացնենք` աշխարհին յայտարարելու, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը երբեք պէտք չէ մոռացուի, որ մեր նախնիներուն տառապանքը ի զուր պէտք չէ անցնի։ Պահ մը երեւակայենք, թէ ի՛նչ կրնար նշանակել եթէ ներկայ աշխարհին մէջ զգոյշ մնայինք մեր սուգին մէջ, սգայինք թաքուն եւ լռութեամբ։ Աներեւակայելի այդ պահը մեզ պէտք է յուշէ թէ ինչքան վատ բան է երբ կը լռենք Կազայի հարցով: Ինչքան վատ բան ըրաւ աշխարհը մեր հանդէպ, երբ Արցախեան հայրենիքը բռնօրէն հայաթափուեցաւ անտարբեր աչքերու առջեւ` յիշենք։
Ինչպէ՞ս կրնանք տարուայ մէկ օրը պահանջել, որ աշխարհը ճանչնայ եւ դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ միւս օրերուն, նոյնիսկ նոյն օրը լռել մէկ այլ ժողովուրդի կործանման առջեւ: Այդպիսի զգուշութիւնը մեր յիշատակումը կը զրկէ իր իմաստէն: Մեր նահատակներուն յիշատակը յարգելը կը նշանակէ ոչ միայն յիշել անոնց տառապանքը, այլեւ թոյլ տալ, ուղղակի՝ թոյլ տալ, որ այդ տառապանքը սրէ մեր խիղճը ոչնչացման բոլոր գործողութիւններուն դէմ: Հակառակ պարագային, յիշողութիւնը կը դառնայ սնամէջ ծէս, որ կը վերածուի ձեւականութեան եւ ազգային փուճ հպարտութեան, այլ ոչ թէ կենդանի բարոյական ուժի:
Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզի ծանր գինով սորվեցուց, թէ ինչ կը նշանակէ լքուած ըլլալ աշխարհին կողմէ: Շատ քիչեր լսեցին մեր ժողովուրդին ճիչերը Տէր Զօրի անապատներէն կամ Տրապիզոնի դիմաց ծովու խորքէն, ուր ջրամոյն սպանուեցան հազարաւոր հայ մանուկներ: Եթէ այսօր զգուշաւորութեամբ ու անտարբերութեամբ դիտենք Կազայի ողբերգութիւնը, ապա կը կրկնենք յանցագործութիւնը անոնց, որոնք իրենց երեսները դարձուցին մեզմէ 1915 թուականին: Մեր յիշատակումները կը դառնան եսասիրական գործողութիւններ` կտրուած անոնց համընդհանուր, բարոյական պահանջէն:
Իսկապէս յիշատակելը կը նշանակէ յիշողութիւնը վերածել պատասխանատուութեան: Իւրաքանչիւր ծաղկեպսակ, իւրաքանչիւր արտասանուած աղօթք ու ճառ, իւրաքանչիւր յուշագնացութիւն պէտք է մեզ մղէ պաշտպանելու կեանքը, ուր ալ ան սպառնալիքի տակ գտնուի: Ամէն ինչ մեզի պէտք է յիշեցնէ ու պարտաւորեցնէ՝ եթէ «կը յիշենք ու կը պահանջենք», եթէ «այլեւս երբեք», ուրեմն՝ բոլորի՛ն, համա՛յն մարդկութեան համար:
Մեր ցեղասպանութեան յիշողութիւնը կը կորսնցնէ իր իմաստը, եթէ ան մեզ այսօր չ’առաջնորդեր պաղեստինցիներու հետ համերաշխութեան: Մեր կրած ցեղասպանութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ ճանչնալ զանգուածային ոչնչացման փաստերը ուրիշներու տառապանքներուն մէջ: Ապրիլ ամսուն մեր կազմակերպած յիշատակի արարողութիւնները պէտք է բնականօրէն վերածուին պաղեստինցիներու պաշտպանութեան` մայիսին, յունիսին եւ՝ շարունակաբար: Միայն այդ պարագային կրնանք արժանի ժառանգներ մնալ մեր մեծարած սուրբ նահատակներուն:
Վարդան Թաշճեան
Գեղարդ
16 Սեպտեմբեր 2025
*****







Մեկնաբանէ