21 Սեպտեմբեր 1991ը նոր էջ բացաւ հայոց պատմութեան մէջ։ Եօթանասուն տարիներու Խորհրդային կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուելէ ետք, Հայաստան անկախացաւ եւ հիմը դրուեցաւ հայոց նոր պետականութեան։
Անկախութեան նախորդող հանգրուանը ճակատագրական էր անկախութեան համար։ 1988ին ծայր առած էր Արցախեան շարժումը, որ արդէն սկսած էր մտնել զինուորական փուլ։ Նոյն տարուան Դեկտեմբերին Սպիտակի երկրաշարժը ծանր հարուած մըն էր համայն հայութեան համար։ Իսկ Խորհրդային կայսրութեան քայքայումով երկիրը յայտնուած էր տնտեսական մեծ ճգնաժամի մը մէջ։

Հայաստանի անկախացման քաղաքական գործընթացի հոլովոյթը եւ անոր յաջորդած ռազմական թէ քաղաքական դէպքերու զարգացումները զանց առնելով, պէտք է ընդգծել որ Հայաստանի անկախացումը իր աներկբայ դրական անդրադարձը ունեցաւ հայութեան կեանքին վրայ։ Եթէ մտաբերենք այդ հանգրուանի նախօրէի պարզած հայութեան պատկերը, բաւական տխուր իրականութիւններու կը հանդիպինք։

Անկախութիւնը նոր շունչ բերաւ առաջին հերթին սփիւռքահայութեան։ Ազգային կառոյցներու շուրջ համախմբուած հայութենէ դուրս գտնուող զանգուածները հետզհետէ սկսան բոլորուիլ Հայաստանի շուրջ։ Անշուշտ այս իրողութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ նաեւ Արցախեան առաջին պատերազմը եւ անոր յաղթական ելքը, բայց եւ այպէս որպէս իրողութիւն պէտք է ընդունիլ որ Հայաստանի անկախացումը սփիւռքեան ուծացումը առնուազն կարելի է ըսել դանդաղեցուց։

Նոյնն է պարագան նաեւ Հայաստանի։ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին ռուսերէնի եւ ռուսական մշակոյթի ազդեցութիւնը, ի հեճուկս հայկականին, արդէն մեծ չափերու հասած էր եւ երկար ժամանակի վրայ նոյնիսկ հայրենիքի մէջ ուծացումը անխուսափելի պիտի դառնար։ Ճիշդ է, կար նաեւ այդ երեւոյթին հակադրուող ազգայնական մտածողութիւնն ու ոգին, սակայն պետական մակարդակի, ռուսականը միշտ ի պատուի էր։

Այս երկու իրողութիւններուն վրայ յենուելով, պէտք է ըսել որ անկախութիւնը փրկութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին համար։ Եւ պատահական չէ որ բոլոր ազգերը իրենց պատմութեան ընթացքին միշտ ալ ձգտած են անկախութեան եւ պետականութեան։ Որովհետեւ բոլոր ազգերն ալ հաւաքական իր ենթագիտակցութեան մէջ հասկցած են որ իրենց ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան եւ մշակութային զարգացման գրաւականը անկախ պետականութիւնն է։ Բոլոր պետականազուրկ ժողովուրդները դատապարտուած են ձուլման եւ պատմութեան բեմէն անհետացման։

Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդի համար անկախութիւնը գերագոյն արժէք պէտք է ըլլայ։ Դէպի ապագայ իր երթը ապահովելու եւ ազգերու կողքին իր ուրոյն տեղ պահելու, մշակութապէս նորանոր նուաճումներ արձանագրելու համար, հայութիւնը անկախութեան գաղափարը միշտ ալ կրած է եւ այսօր երբ ան իրականութիւն է, բոլոր տեսակի զոհողութիւններով պէտք է պահել զայն։
Անկախ պետականութիւնը երաշխաւորն է հայութեան գոյատեւման եւ յարատեւման։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ