Big data and artificial intelligence concept. Machine learning and cyber mind domination concept in form of women face outline outline with circuit board and binary data flow on blue background.

ChatGPT-ի եւ նման ծրագիրներու (logiciel) զարգացման առիթով, արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կը գտնուի հանրային ուշադրութեան եւ մտահոգութեան կեդրոնը, թէ՜ մասնագիտական եւ թէ՜ անձնական միջավայրերու մէջ: Անձնական կեանքին մէջ, մարդիկ ԱԲ-ը կը գործածեն արձակուրդ ծրագրելու կամ պարզապէս փնտռտուքներ կատարելու համար, ինչպէս որ GOOGLE-ով կ’ընէին: Մասնագիտական միջավայրի մէջ, ԱԲ-ը կ’օգնէ տուեալներ վերլուծելու, պարզ կամ բարդ գործեր կատարելու, կամ ստեղծելու։ Այսպիսով, ԱԲ-ի աճող կարեւորութեան պատճառով հետեւեալ հարցումը կրնանք տալ. արդեօք պէ՞տք է վախնալ ԱԲ-էն։

Ի՞նչ է ԱԲ-ը

Նախ եւ առաջ փորձենք բացատրել ինչ է ԱԲ-ը։ Մեծամասնութեան համար, ԱԲ-ը պղտոր յղացք մըն է, որ կը յատկանշէ այն ինչ որ համակարգիչը կրնայ կատարել առանց մարդոց միջամտութեան։ Իրականութեան մէջ,  ԱԲ-ը պղտոր բան մը չէ. ուսողութեան եւ algorithmique-ի խտացում մըն է, որ մեքենաներուն կ’արտօնէ մարդկային գործեր կատարել, ինչպէս՝ որոշել, խնդիրներ լուծել, գուշակել կամ սորվիլ։ Այս վերջինը նոյնիսկ կեդրոնական դեր կը խաղայ, որովհետեւ ԱԲ-ի ուսողական բնորդները նախ եւ առաջ մարզուած են սորվելու միլիոնաւոր տուեալներէն, մինչեւ որ ատակ ըլլան գործածուելու (գոհացուցիչ ձեւով): Օրինակի համար, որպէսզի ԱԲ մը կարենայ թռչուն մը ճանչնալ նկարի մը վրայ, պէտք է որ առաջուընէ հազարաւոր նկարներէ սորված ըլլայ թէ ինչի կը նմանի թռչուն մը (պարզապէս իրեն կու տանք «ուտելու» կամ «սպառելու» նկարներ, ճշդելով թէ նկարին վրայ թռչուն կայ կամ ոչ)։ Ուրեմն, ինչու ԱԲ-ին պէտք ունինք, գիտնալով որ միայն քանի մը նկարներով մարդ արարածը կրնայ սորվիլ թէ ինչի կը նմանի թռչուն մը։ Եթէ ԱԲ-ի կարողութիւնը եւ մարդկային ուղեղը բաղդատենք, ակներեւ է թէ մեր ուղեղը աւելի արդիւնաւէտ, է, սակայն մեքենան հաշուի աւելի մեծ կարողութիւն ու յիշողութիւն ունի, եւ ատոր համար ԱԲ-ը կը գերազանցէ մեր ուղեղը նոյնիսկ մարդկային էական մարզերուն մէջ (խոկում/տրամաբանութիւն, լուծում):

Միտքս աւելի յստակացնելու համար կ’ուզեմ աւելցնել, թէ ԱԲ-ը գոյութիւն ունի գրեթէ 20 տարիէ ի վեր եւ թէ այս վերջին տարիներուն ԱԲ-ին նկատմամբ հետաքրքութիւնը կը բացատրուի նոր տեսակ ԱԲ-ի ծնունդով՝ արարողական ԱԲ (IA générative), որ, ինչպէս իր անունը ցոյց կու տայ, կարողութիւն ունի բնագիր, նկար կամ տրամաբանութիւն արարելու, մինչդեռ նախկին ԱԲ-երը կրնային կատարել միայն որոշուած գործեր:

ԱԲ-ը եւ մարդը

Այսպիսով, կը հասնինք մեր նիւթի սրտին. արդեօք պէտք է վախնա՞նք ԱԲ-էն։ Շատերը մտահոգ են ԱԲ-ի դերի սահմաններով, մանաւանդ մասնագիտական կեանքին մէջ, որովհետեւ ԱԲ-ը կը վնասէ զանազան մակարդակներու վրայ միլիոնաւոր գործերու։ Իմ կարծիքովս, ԱԲ-ը շատ ուժեղ գործիք մըն է, որ պէտք է հասկնանք եւ որուն գործածութիւնը պէտք է սորվինք։ Ինչպէս ամէն արհեստաբանական զարգացում, ԱԲ-ը գործեր պիտի անհետացնէ, արդին՝ վստահաբար ուրիշ գործեր պիտի ստեղծէ կամ օգնէ աւելի ճշգրիտ, արդիւնաւէտ կամ արագ ըլլալու։ Իր կիրարկութեան մարզերը գրեթէ անսահման են։ Իբրեւ օրինակ կրնանք նշել տուեալներու վերլուծումը (analyse de données), շողանկարներուն բժշկական ընթերցումը, կամ մեկնաբանութիւնը։

Պէտք է յիշեմ նաեւ կարեւոր այլ երեւոյթ մը, որ ԱԲ-ի կողմէ բնական աղբիւներու սպառման կարիքն է: ԱԲ-ը ձրի չէ եւ ինչպէս կրնանք երեւակայել, կարենալ հաշուելու համար շատ մեծ ուժի պէտք ունի։ Այս ուժը ունենալու համար հսկայ համակարգիչներ անհրաժեշտ են (համակարգիչներով լեցուած գործարաններ): Կարգ մը ձեռնարկութիւններ (ինչպէս GOOGLE, MICROSOFT) ունին իրենց յատուկ հիւլէական գործարանները, որպէսզի կարենան արտադրել իրենց ելեկտրականութիւնը։ Այս հսկայ գործարանները կը սպառեն նաեւ ջուրի մեծ քանակութիւն պարզապէս իրենց համակարգները պաղեցնելու համար: Օրինակի համար, 2023 թուականին հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ChatGPT3-ի (ԱԲ-ի տեսակ մը) 10-50 որոնումները կրնան սպառնել մինջեւ ½ լիտր ջուր)։

Ուստի ԱԲ-ը վախնալիք բան մը չէ, պարզապէս նոր գործիք մըն է, որ պէտք է ընդունինք մեր կեանքին մէջ եւ գործածենք ճիշտ չափով։ Սխալ գործածութեան օրինակը ընկերային ցանցերն են, որ ո՜չ միայն մեր առօրեային մէջ  ընդունուած են, այլ նաեւ չափազանցութիւնը մեր ժամանակը կը գողնայ, ընկերային յարաբերութիւնները կը տակնուվրայէ եւ մտային կարողութիւնները կը թոյլցնէ։



Սեւան Աւատիքեան
Ծիծեռնակ
20 Սեպտեմբեր 2025


Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ