
Վատիկան գտնուող Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ Քաստէլ Կանտոլֆոյի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Հռոմի Քահանայապետ Լէոն 14-րդ Պապի հետ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորած է Սուրբ Պետրոսի Աթոռի գահակալին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։
Հովուապետերը անդրադարձան աշխարհի մտահոգիչ զարգացումներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ուշադրութեանը յանձնուած է Արցախէն տեղահանուած արցախահայութեան հիմնախնդիրները, Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգի առջեւ կանգնած հայ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ ռազմագերիներուն ազատ արձակման հրամայականը։







Մեկնաբանէ