Հայաստանի պետական քամերային նուագախումբը «Երաժշտական ​​հրավառութիւն» համերգային ծրագիրով պիտի մեկնի աշնանային հիւրախաղերու Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացնէ բացառաբար հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ։

Համերգաշարը պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբեր 16ին, երեւանեան համերգով, հանդիսատեսին պիտի ներկայացուի Ղազարոս Սարեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Արամ Խաչատրեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Կոնստանդին Պետրոսեանի եւ Էտկար Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւնները։ 

Հիւրախաղերու ժամանակացոյցը
Սեպտեմբեր 25` Փարիզ
Սեպտեմբեր 28` Սիէթըլ
Սեպտեմբեր 29` Լաս Վեկաս
Հոկտեմբեր 2` Լոս Անճէլըս
Հոկտեմբեր 4` Նիւ Եորք
Հոկտեմբեր 5` Պոսթըն։
Հիւրախաղերու ընթացքին կը հնչեն Կոմիտասի, Խաչատրեանի, Ամիրխանեանի, Մանսուրեանի եւ Ազնաւուրի նոր դաշնաւորուած գլուխգործոցները՝ մաէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ