
Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նաւրոցքին համաձայն գտնուած է երկրի տարածքին ՆԱՏՕ-ի ուժերու ներկայութեան, որուն նպատակն է Լեհաստանի ամրապնդումը «Արեւելեան պահապան» գործողութեան ծիրէն ներս, կը հաղորդէ Notes From Poland պարբերականը։
Սեպտեմբեր 12-ին գործողութեան մասին յայտարարած էին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռիւտէն եւ Եւրոպայի դաշնակիցներու գերագոյն հրամանատար Ալեքսուս Կրինքեւիչը համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Անոնք ըսած են թէ Ֆրանսա պիտի տրամադրի երեք Rafale կործանիչ, Գերմանիա՝ չորս Eurofighter կործանիչ, Դանիա՝ երկու F-16 կործանիչ եւ հակաօդային պաշտպանութեան մէկ սարք Հոլանտա յայտարարած է թէ Լեհաստանի մէջ Patriot համակարգերի պիտի տեղակայէ
Լեհաստանի մէջ կը գտնուի ՆԱԹՕ-ի զօրամաս եւ սպառազինութիւն ինչպէս նաեւ 10 000 ամերիկացի զինուոր։







Մեկնաբանէ