
Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է որ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին իսրայէլեան ռմբակոծումներու հետեւանքով սպաննուած է 72 հոգի եւ վիրաւորուած՝ 356, կը յայտնէ պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, 7 Հոկտեմբեր 2023էն ի վեր սպաննուած է 64718 հոգի, իսկ վիրաւորուած՝ 163859 հոգի։
Բացի այդ, սովը կը շարունակէ աւերներ գործել Կազայի մէջ։ Զոհերուն թիւը հասած է 411ի, որոնցմէ 142-ը երեխաներ են։
ԵՈՒՆԻՍԷՖը յայտնած է որ Կազայի մէջ սնունդի պակասը դարձած է մտահոգիչ եւ աննախադէպ թիւով երեխաներ կը տառապին թերսնուցումէ։







Մեկնաբանէ