Ֆինլանտա կը նախատեսէ 2026-36 թուականներուն 6 միլիառ եուրօ ծախսել պաշտպանական զինատեսակներ ձեռքբերելու համար, յայտարարեր է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչութեան տնօրէն Եաննէ Քուուսելա։

Ան նշած է որ յառաջիկայ տասնամեակի աւարտին Ֆինլանտայի պաշտպանական ծախսերը կը մօտենան ՆԱԹՕ-ի ցուցանիշին՝ ՀՆԱ-ի 3 առ հարիւրին։ Քուուսելան աւելցուցած է որ պաշտպանական զինատեսակներու գնումները կրնան դրական ազդեցություն ունենալ Ֆինլանտայի ՀՆԱ-ի վրայ, որովհետեւ անոնք հիմնականին մէջ նկատի պիտի ունենան ֆինլանտական ընկերութիւններ:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ