Լատվիոյ կառավարութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային իր տարածքը երկրի արեւելքը Ռուսիոյ եւՊելառուսիոյ հետ 50 քմ օդային սահմանին վրայ, յայտներ է Լատվիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրիս Սփրուտս, տեղեկացնելով որ որոշումը ի զօրու կը դառնայ Սեպտեմբեր 11ին ժամը 18։00էն մինչեւ Սեպտեմբեր 18-ը։

Սեպտեմբեր 11ին հրաւիրուած մամլոյո ասուլիսի ընթացքին, Սփրուտս նշած է որ Լեհաստանի մէջ պատահածը, որու ժամանակ ռուսական տրոնները պելառուսիոյ տարածքով անցած էին լեհական տարածք, ՆԱԹՕ-ի օդային տարածքի խախտում է եւ Լատվիան պէտք է համապատասխան քայլերու դիմէ։ 

Նախարարը հաստատեր է որ ներկայ պահի դրութեամբ Լատվիոյ համար ուղիղ սպառնալիք չկայ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ