
Փարիզի մէջ ցուցարարները փողոցներ փակած են եւ խարոյկներ վառած՝ ի նշան դժգոհութեան կառավարութեան կողմէ առաջարկուող խիստ խնայողութեան։
Քաղաքի արեւելքը ցուցարարները աղբ թափած են ճամբուն վրայ եւ այրած են զայն, որ պատճառ դարձած է խճողումի։
Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու, ցուցարարներու անկարգութեան պատճառով Թուլուզի մօտ գտնուող երկաթուղագիծի գնացքներու երթեւեկութիւնը դադրած է։
Կառավարութեան խնայողութեան ծրագիրին հետեւանքով, Ֆրանսայի խորհրդարանը անվստահութիւն յայտնած է վարչապետ Ֆրանսուա Բայրուին։ Վերջինս երէկ իր հրաժարականը ներկայացուած էր նախագահ Մաքրոնի։







Մեկնաբանէ