
Թուրքիան իր բնոյթով այնպիսի կառուցուածք մը ունի, որ ուղղակի կը համարուի Օսմանեան կայսերութենէն ժառանգութիւն: Օսմանցիները դարեր շարունակ կը ներկայանային գրաւեալ ժողովուրդներուն իբրեւ փրկիչներ, տալով այդ ժողովուրդներուն ներքին հարցերու եւ կրօնական հաւատքի ու պաշտամունքի ազատութիւններ: Սակայն, այդ բոլորը շուտափոյթ կերպով վերացան երբ օսմանցիները գտնուեցան պարտուողական իրավիճակներու մէջ, յատկապէս 1683-ի Վիեննայի պաշարման ձախողութենէն ետք, որմէ ետք բարձրագոյն դրան քաղաքականութիւնը յատկապէս պալքաններէն ներս սկսաւ շեղիլ հանդուրժողականութենէն ամբողջութեամբ ճնշողական:
Այս երեւոյթը կրկնուեցաւ բոլոր սահմանային նահանգներուն մէջ, ուր թուրքը սկսաւ ոչ-թուրքին տեսնել իբրեւ վտանգ ու հետագայ ապստամբութեան գործիք՝ այլ տէրութիւններու ձեռքը: Հետեւաբար, վախը դարձաւ թուրքին անէծքը դարեր շարունակ: Այս վախը իրականացաւ յատուկ կերպով Ափրիկէի մէջ, ուր Եգիպտոսի կառավարիչ Մուհամմէտ Ալի, 1831-ին ապստամբեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ գրաւելով Սուրիան եւ հասնելով մինչեւ Փոքր Ասիա:
Տակաւին Ափրիկէն ընդհանուր առումով օսմանեան ուղակի ու կեդրոնացեալ իշխանութեան տակ եղաւ միայն կարճ հանգրուաններ: 1517-ին, Սուլթան Սելիմ Ա մուտք գործեց Եգիպտոս եւ զայն միացուց իր իշխանութեան, մեմլուքները հեռացնելով կառավարման բոլոր պատասխանատուութիւններէն ու դիրքերէն: Սակայն, մեմլուքները մնացին այդտեղ ու զանազան առիթներով փորձեցին խանգարել կայսրութեան ունեցած ներկայութիւնը այդ շրջանին մէջ: 1516-ին Օսմանեան կայսրութիւնը նաեւ մուտք գործած էր Ալճերիա, որովհետեւ այդտեղի կառավարիչները ուզած էին ըլլալ բարձրագոյն դրան պաշտպանութեան օղակին տակ, քրիստոնեայ ուժերուն դէմ նաւային պայքար մղելու միտումով: Այդ կառավարիչներէն մէկը՝ հետագայ Օսմանեան նաւատորմի ղեկավար Հայրետտին Պարպարոսան էր: 1550-ական թուականներուն, Օսմանեան կայսրութիւնը մուտք գործեց Լիպիա, իսկ 1571-ին՝ Թունուզ: Սակայն, այդ եւ բոլոր հետագայ հանգրուաններուն Միջին արեւելքի եւ պալքաններուն նման ուղակի իշխանութիւն չունեցաւ Օսմանեան կայսրութիւնը՝ Ափրիկեան ցամաքամասին վրայ, որովհետեւ չկրցաւ իր ամբողջական տիրապետութեան տակ առնել տեղական ուժերը, այլեւ՝ իշխեց անոնց միջոցաւ: Ալճերիան 1830-ին եւ Թունուզը 1881-ին անցան ֆրանսական տիրապետութեան, 1882-ին Եգիպտոսը՝ Անգլիոյ, եւ 1911-ին Լիպիան՝ Իտալիոյ:
Աւելի ուշ, ափրիկեան այս եւ այլ երկիրներ ունեցան նոյնանման պատմութիւն, դառնալով եւրոպական տիրապետութեան տակ ու ստանալով իրենց անկախութիւնները 1900-ական թուականներու վերջաւորութիւններուն: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջնահերթ օրակարգերուն շարքին Ափրիկէն գոյութիւն չունէր տասնամեակներ շարունակ: Սակայն, 1998-ին առաջին անգամ ըլլալով թրքական կառավարութիւնը որդեգրեց Ափրիկէի մէջ գործելու յատուկ ծրագիր: Այս թուականը թրքական ներքին քաղաքականութեան մէջ, նոյնինքն կը զուգադիպի այնպիսի հանգրուանի մը, որ իսլամական հոսանքին գլխաւորութեամբ Նեճմէտտին Էրպաքան, իսկ Նէօ-Լիպերալ եւ աւելի նուազ իսլամական հոսանքի գլխաւորութեամբ Թուրկութ Օզէլի յաջորդ Մեսուտ Եըլմազ հասած էին իշխանութեան եւ յաջորդաբար կը կազմէին կառավարութիւններ: Հետեւաբար, Ափրիկէ մուտք գործելու որոշումը նկատի պէտք է ունենալ, որ տեղի ունեցաւ քաղաքական այդ կացութեան մէջ:
Արդ, յաջորդ հարցումը բնականաբար կ՛ըլլայ՝ այսօր ո՞ւր հասած են Թուրքիա-Ափրիկէ յարաբերութիւնները, իսկ պատասխանը՝ բարձրագոյն մակարդակի: Պետական «TRT» հարթակը 7 Օգոստոսին հրապարակեց յօդուած մը, որուն վերնագիրն էր «Թուրքիա-Ափրիկէ յարաբերութիւնները աւելի ուժեղ քան երբէք»: Այդ յօդուածին մէջ, պետական հարթակը կ՛անդրադառնայ կարեւոր տուեալներու: Օրինակի համար 2002-ին, Ափրիկէի մէջ թրքական դեսպանատուներու թիւը 12 էր, մինչդեռ ներկայիս 44 են: Ինքնին դիւանագիտական եւ քաղաքական հսկայական յառաջընթաց ներկայացնող այդ պատկերը միաժամանակ քարոզչական գործիք է ներկայացնելու նախագահ Էրտողանը իբրեւ Ափրիկէի բարեկամ, նկատի ունենալով, որ 2002-ին Էրտողանի կուսակցութիւնը կը հասնի իշխանութեան եւ 2003-ին ան կը դառնայ վարչապետ: Աւելի՛ն, Ափրիկեան դեսպատանատուներու թիւը 2008-ին Թուրքիոյ մէջ 10 էր, իսկ ներկայիս 38 դեսպանատուներ: Նոյնիսկ նշուած 2008 թուականը զուգադիպութիւն չէ, որովհետեւ այդ թուականէն սկսեալ իւրաքանքչիւր հինգ տարի տեղի կ՛ունենայ Թուրքիա-Ափրիկէ գործակցութեան գագաթնաժողովը: Հետեւաբար, պետական հարթակին նպատակը եւ քարոզչութիւնը յստակ են:
Միւս կողմէ, նոյն յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիա-Ափրիկէ առեւտրական գործակցութիւնը բարձրացած է 4.3 միլիառ տոլարի հաշուէցուցակէ մը 2002-ին, մինչեւ 36.6 միլիառ տոլար՝ ներկայիս, այսինքն՝ առնուազն 8.5 անգամ աճ, 23 տարուան ընթացքին: Միաժամանակ, թրքական ներդրումները նոյն ժամանակահատուածին 67 միլիոն տոլարի սկզբնական պատկերէն հասած են 10 միլիառ տոլարի, այսինքն 149 անգամ աճ: Այս պատկերները ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ նպատակը Ափրիկեան երկիրներու հետ առեւտրական աշխատանքներէ օգտուիլ չէ, այլեւ Ափրիկէի մէջ իր ներդրումներուն միջոցաւ ստեղծելու ազդեցութեան զգալի եւ հզօր համակարգ, որպէսզի օր մը նաեւ այդ համակարգը հասնի կախեալութեան մակարդակի: Միջազգային քաղաքականութեան մասին խօսելու ժամանակ, իրապաշտ դիտանկիւնը նման երեւոյթներ կը քաջալերէ, յատկապէս շրջանային ուժ նկատուող Թուրքիոյ համար: Յաւելեալ պատկեր մը տալու համար, նախագահ Էրտողան կը հանդիսանայ ցամաքամասէն դուրս, ամենէն շատ ափրիկեան երկիրներ այցելած նախագահը ունենալով 53 այցելութիւններ՝ 31 ափրիկեան երկիրներ:
Ընդհանուր պատկերներէն անդին, անցնելով յատուկ պարագաներու, կը նշմարենք, որ միայն Օգոստոս ամսուան ընթացքին, Նախագահ Էրտողանի ուղակի ներկայութեամբ ստորագրուած են ռազմական, տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ քաղաքական համաձայնագիրներ: Կապոնի հետ ստորագրուած են ութ համաձայնագիրներ, Սենեկալի հետ՝ չորս եւ Սոմալիոյ հետ հրթիռներու արձակման համակարգի համաձայնագիր մը: Աւելին, 13 Օգոստոսին սկիզբ առաւ թուրք եւ ափրիկեցի գործատէրեր համախմբող համաշխարհային համագործակցութեան արդիւնաբերութեան (WCI) հիմնարկը, ուր յայտարարուեցաւ, որ աւելի քան 450 հազար թրքական ընկերութիւններ կը գործեն Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ եւ 35 հազար ափրիկեցիներ կ՛աշխատին այդ ընկերութիւններուն հետ:
Այս պատկերներէն անդին կ՛արժէ առանձնացնել Սոմալիոյ պարագան: Միջազգային քաղաքականութեան մէջ, շատ անգամ, զգացական գործօնը եւս կարեւոր զէնք է, յատկապէս այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն հանդէպ, որոնք կ՛ապրին պատերազմական կամ ընկերային անապահով պայմաններու մէջ: Թուրքիա այս գործօնը օգտագործելու հզօր կարողութիւն ցուցաբերեց 2011-ին Սոմալիոյ մէջ, տասնամեակներ շարունակ վատթարացող սովի տագնապին, որուն արդիւնքով, զանազան երկիրներ սկսան հետաքրքրուիլ այդ երկրի վիճակով եւ դիւանագիտական դռները բացուեցան թրքական այցելութեան արդիւնքով: 2011-ին, Էրտողան Սոմալիա կը հասնի իր կնոջ, զաւակներուն եւ նախարարներուն հետ միասնաբար, յայտարարելով, որ Թուրքիան կը կանգնի Սոմալիոյ ժողովուրդին կողքին: Այդ այցելութենէն ետք հաստատուեցան թրքական դեսպատանատուն, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ օժանդակութիւններու բաշխման կեդրոններ: Այդ ներդրումին արդիւնքը Թուրքիան կը քաղէ արդէն իսկ այսօր: 20 Օգոստոսին, Սոմալիոյ Նաւահանգիստներու եւ փոխադրամիջոցներու նախարարը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ներկայութիւնը յոյս կը ներշնչէ Սոմալիոյ ժողովուրդին վրայ, նշելով, որ Թուրքիան «…միշտ կանգնած է ճնշուած ժողովուրդներու կողքին»: Այս նախարարը արդէն 2011-ին կ՛ուսանէր ու կ՛աշխատէր Թուրքիոյ մէջ, օգտուելով պետական օժանդակութիւններէ: Այս իմաստով, յստակ է, որ առնուազն այս նախարարը Թուրքիոյ մշակութային եւ քաղաքական ազդեցութեան տակ է եւ Սոմալիոյ կառավարութեան մէջ հաւանական Թուրքիոյ բարեկամ ձայն:
Եզրափակելու համար, ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Ափրիկէի մէջ հսկայական է: Այս մէկը չի նշանակէր, որ Թուրքիա կը հանդիսանայ միջազգային միակ ներկայութիւնը եւ ազդեցութիւնը այդ ցամաքամասին մէջ, սակայն կը նկատուի առաջնակարգ ազդեցիկ գործօն: Աւելի՛ն, Թուրքիա կը մխրճէ ինքզինք ափրիկեան քաղաքական, ռազմական, դիւանագիտական, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքերուն մէջ շատ ուժեղ կերպով, նոյնիսկ ֆինանսաւորելով բազմաթիւ ափրիկէցիներու կրթութիւնը, ստեղծելով Անգարայի հաճելի թուող ուսանողներու եւ պետական պաշտօններ զբաղեցնողներու փաղանգ մը:
Համեմատած Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, շրջանէն ներս ազդեցութեան առնչութեամբ, Թուրքիան գերազանցած տասնեակ անգամներով: Նաեւ յստակ է, որ թուրք տեսակը երբ այդ երկիրներուն հետ իր ազդեցութեան մակարդակը հասցնէ միակողմանի կախեալութեան, գործակցութեան եւ բարի դրացիութեան կերպարները կրնան վերանալ, ինչպէս Օսմանեան օրինակը: Այս ընթացքը բնականաբար պիտի շարունակուի զանազան եւ բազմազան մակարդակներով եւ Ափրիկէն, Անգարայի համար պիտի մնայ արտաքին անհրաժեշտ ու առաջնահերթ շրջան մը:
Գէորգ Եագուպեան
Հայրենիք
2 Սեպտեմբեր 2025
Աղբիւրներ.-
- Anadolu Ajansi (7 August 2025). Türkiye, Senegal sign 4 agreements in fields of defense, media, education. https://www.aa.com.tr/en/africa/turkiye-senegal-sign-4-agreements-in-fields-of-defense-media-education/3653354
- Anadolu Ajansi. (13 August 2025). Turkish businesspeople invest $2.3B, employ 35K workers in Africa. https://www.aa.com.tr/en/economy/turkish-businesspeople-invest-23b-employ-35k-workers-in-africa/3658743
- Anadolu Ajansi. (13 August 2025). Turkish-African business event WCI Forum kicks off in Istanbul. https://www.aa.com.tr/en/africa/turkish-african-business-event-wci-forum-kicks-off-in-istanbul/3658936
- Anadolu Ajansi. (20 August 2025). Turkish President Erdogan’s 2011 visit: Watershed moment that reshaped Somalia’s trajectory. https://www.aa.com.tr/en/africa/turkish-president-erdogans-2011-visit-watershed-moment-that-reshaped-somalias-trajectory/3664818
- Insight Turkey. (2024). The Quest for Balance: Historical Background of Türkiye-Africa Relations. https://www.insightturkey.com/articles/the-quest-for-balance-historical-background-of-turkiye-africa-relations
- Parlar Dal, E. & Dipama, S. (27 April 2023). Assessing Turkey-Africa Engagements. https://afripoli.org/assessing-turkey-africa-engagements
- TRT. (1 August 2025). Turkey and Gabon have signed 8 agreements. https://trt.global/afrika-english/article/63972e1af4b9
- TRT. (7 August 2025). Türkiye-Africa relations stronger than ever. https://trt.global/world/article/6614ff872636
- Turkiye Today. (5 August 2025). Türkiye to build spaceport in Somalia for rocket, missile tests. https://www.turkiyetoday.com/nation/turkiye-to-build-spaceport-in-somalia-for-rocket-missile-tests-320509







Մեկնաբանէ