Փարիզի դատարանի Մարդկութեան դէմ ոճիրի բաժինի դատաւորները 13 տարուայ  հետաքննութենէ ետք, Սիրիոյ նախկին բարձրաստիճան խումբ մը պաշտօնեաներու ինչխէս նաեւ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի ձերբակալման հրամանագիր ստորագրած են, կը յայտնէ «France24»։

Նշեալ աղբիւրի համաձայն, ֆրանսական դատարանները ձերբակալման եօթը հրամանագիրներ տուած են 2012ին Հոմսի մամլոյ կեդրոնի ռմբակոծութեան համար, որու հետեւանքով սպաննուած էին երկու լրագրող։

Բացի Ասատէն, ձերբակալման հրամանագիր ստորագրուած է նաեւ անոր եղբօր եւ սուրիացի նախկին զինուորականներու։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ