
Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց ՀՀ քրէական օրէնսգրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծ, որ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ միջազգայինօրէն ճանաչում ստացած այլ ցեղասպանութիւններու հերքման եւ նսեմացման համար նախատեսուող պատասխանատուութեան։
Մինասեանը յիշեցուց նաեւ որ Հայաստանի անկախութեան հռչակագրին մէջ ամրագրուած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանը սատարելու յանձնառութիւնը եւ այս փոփոխութիւնները կը բխին ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան պաշտպանութեան շահերէն։







Մեկնաբանէ