
Հայկական ազգային երգ ու պարի ամէնամեայ «Գութան» փառատօնը այս տարի նուիրուած է Հայրիկ Մուրատեանի ծննդեան 120ամեակին։
Փառատոնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 30ին, Երեւանի Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ (Կասկադ)։ Փառատօնը բացօթեայ է եւ անվճար։
«Գութան» 2025-ի մասնակից խումբերն են՝ «Ակունք», «Վան», «Սասնայ Ծռեր», «Նուպար», «Մասունք», «Վերադարձ», «Մարաթուկցիներ», «Արեգ», «Արդուին», «Սեբաստացիներ», «Ծովակ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Տարօնցիներ», «Գորանի», «Տաւրոս», «Ծիլք», «Մենք», «Հրայրք», «Նայիրի», «Զարկ» (Ռոստով), «Դարէ»։
«Գութան»-ի հիմնական նպատակն է պահպանել ու տարածել հայկական ազգային երգերն ու պարերը, զանոնք ճանաչելի դարձնել յատկապէս երիտասարդությանը եւ փոխանցել ապագայ սերունդներուն։







Մեկնաբանէ