…ես կատարելապէս հաստատում եմ Ձեր կարծիքը իմ մասին (որպէս շատերի մօտ բամբասել էք, որ ես այժմ մատերիալիստ եմ դարձել): Աղքատութիւնը սովորեցրել է ինձ այդ: Իմ կեանքում կրած ամենադառն փորձերից ես համոզուեցայ, որ քաղցած փորով ոչինչ չէ կարելի շինել, իսկ այն օրը, եթէ գրպանումս մի ռուբլի ունեմ ճաշելու համար, իմ գրաւոր աշխատանքը աւելի գեղեցիկ է դուրս գալիս: Մի՞թէ այդքան ծանր հարուածներ կրելուց յետոյ Դուք եւս չհամոզուեցաք, որ փողը լաւ բան է:
Րաֆֆիի նամակէն Գրիգոր Արծրունիի

Հայաստանի մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տակաւին կը շարունակեն մնալ աղքատ: Պաշտօնական տուեալները սովորաբար կը տարուբերին 23-25 տոկոսի միջեւ, բայց այդ երբե՛ք իրական պատկերը ցոյց չի տար: Միջին վիճակագրական քաղաքացին նոյնիսկ չի կրնար «բնական աւարտել» ամիսը, ինչ մնաց աղքատ, կամ ծայրայեղ աղքատ քաղաքացին: Աղքատութիւնը այն հրէշն է, որ կը շարունակէ լափել հանրապետութեան բնակիչներու կեանքն ու առօրեան, տժգոյն կը դարձնէ ներկան ու անորոշութեան մէջ կը պահէ ապագան: Ապագան արդէն ոչ թէ ցանկալի փոփոխութիւններու եւ սպասման շրջանն է, այլ նոր ցնցումի ու սթրեսի անխուսափելի սպասում մը: Աղքատութիւնը այն սարսափելի կացինն է, որ կը կտրէ մարդոց յոյսը ապագայի հաւատքէն: Ընդ որում թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային-պետական մակարդակով:

Միշտ բոլորը խօսած են աղքատութեան սարսափելի հետեւանքներուն մասին: Կը թուէր, թէ ի վերջոյ գիտաարհեստագիտական յեղափոխութիւնները եւ նորութիւնները պիտի թեթեւցնէին մարդոց կեանքը: 90-ականներուն հետ համեմատած, այո՛, մարդոց կեանքը էապէս թեթեւցած է, շատ ու շատ բարիքներ հասանելի դարձած են ու եթէ 1998-ին նարինջի հիւթը կամ խորոված միսը, անանասը կամ պանանը (կը հասկնա՞ք, թէ ինչ աննկարագրելի թշուառութեան մասին է խօսքը) ճոխութիւն կը համարուէր, ապա հիմա այդ այլեւս այդպէս չէ: Բայց հիմա ալ աճած են կեանքի համար պարտադիր նկատուող չափանիշեր ու հիմա ալ այլ տեսակի «անանասներ» ու «պանաններ» յայտնուած են ու որուն տակէն քաղաքացին չի կրնար դուրս գալ:

Հանրապետութեան բնակիչներուն ճնշող մեծամասնութիւնը խեղդուած է դրամատնային վարկերու մէջ: Ամենէն սովորական վարկերուն մարումն անգամ տարիներով չ’աւարտիր: Հազարաւոր մարդիկ գրեթէ միշտ «Հարկադիր Կատարման» (credit default blacklist) սեւ ցուցակի վրայ են, տասնեակ հազարաւորները՝ պարտքերով շղթայուած:

Կարելի է անվերջ նկարագրել, թէ ինչ տեսակի ծառայութիւններ ու ապրանքներ անհասանելի են, բայց այդ արդէն կը դառնար վիճակագրական տեղեկատուութիւն․ մեր ցաւը ուրիշ է:

Աղքատութիւնը թոյլ չի տար հայուն ապրիլ, մշտապէս կը պահէ լարուած ու յոռետես: Աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ այնպէս կռացուցած է մարդը, որ ան մէկ ամիս ապրելու ցանկութենէն բացի, այլեւս ոչ մէկ բանի մասին չմտածէ եւ իր միակ հոգը ըլլայ այդ ամսուայ ապառիկները եւ ծախսերը փակելը եւ գոհ մնայ, եթէ այդ ամիս պարտք չընէ: Հայաստանցիներուն շատ շատերը ոչ միայն արտասահմանի մէջ, այլեւ առհասարակ ոչ մէկ տեղ կը հանգստանան: Անոնց սնունդը անորակ է, աժան, զգեստները հիմնականօրէն թրքական կամ չինական, վիեթնամեան կամ հնդկաչինեան երկիրներու արտադրութիւն: Անոնք ազգային ու պետական հարցերով չեն հասնիր անհանգստանալու եւ մտահոգուելու: Զանոնք կը խեղդէ աղքատութիւնը: Ազգային ու պետական հարցերը կը մղուին այլ հարթակ: Աղքատութիւնը կը խլէ մարդուն քաղաքական ու ազգային պետական գիտակցութիւնը, ապա՝ մարդկային արժանապատուութիւնը: Աղքատութենէ նուաստացող քաղաքացիները կը շարունակեն համալրել թմրանիւթ վաճառողներու եւ օգտագործողներու, առցանց խաղավայրերու սնանկացողներու, առցանց ու անցանց մարմնավաճառներու, ինսթակրամեան ու թիք-թոքեան խեղկատակներու շարքերը, որոնց միակ նպատակը «գումար աշխատիլն» է: Եւ քանի որ շատերը մխրճուած են այդ մոլութիւններուն մէջ, այդ մէկը արդէն սկսած է բնական համարուիլ: Նաեւ կը բազմանան հնարաւոր պետական դաւաճաններու թիւերը: Ցած գիտակցութեան տէր մարդը, որ չունի բաւարար կրթական մակարդակ ու յայտնուած է դրամատուներու անողորմ ճիրաններուն մէջ՝ պատրաստ է ամէն ինչի, միայն թէ կարողանայ ազատիլ այդ երկրային դժոխքէն: Անոնցմէ շատերը կը վարձուին թշնամական կամ ոչ այնքան բարեկամ երկիրներու գործակալներու կողմէ: Ոմանք դիրքերու եւ այլ կարեւոր վայրերու կարեւոր տեղեկութիւններ կը վաճառեն, ոմանք՝ կը մտնեն քաղաքական ասպարէզ: Ժողովուրդը անտէրութեան մատնուած է աղքատութեան դիմաց ու անոր դէմ կը պայքարի այնպէս, ինչպէս բարձր ջերմութիւնը՝ ջերմախտի դէմ:

Կ’անհետանայ որեւէ բան ընելու մղումը եւ մարդ կը սկսի չհաւատալ ոչ միայն պետութեան եւ հայրենիքին, այլ նաեւ ամենատարրական մարդկային բարոյականութեան եւ ինքն իրեն։ Ան այլեւս չ’ապրիր, այլ կը գոյատեւէ։ Շատեր այլեւս չեն ուզեր պայքարիլ այն հայրենիքին համար, ուր ոչինչ ունին, բացի պարտքերէ եւ գերեզմաններէ։ Այսպէս կարելի չէ երկիր պահել, ոչ ալ ազգային գիտակցութիւն զարգացնել: Աղքատ մարդը երկչոտ է: Ան կը վախնայ խօսելէ կամ բողոքելէ, ինքզինք ցոյց տալէ, պահանջելէ: Հազարաւոր տղամարդիկ Հայաստանի մէջ նուաստացած են աղքատութեամբ: Տղամարդկային արժանապատուութիւնը նահանջած է: Հայ տղամարդու կերպարը՝ էապէս նսեմացած: Վախցած ու լարուած տղամարդը, որ չի կարենար իր ընտանիքը պահել, ինչպէ՞ս կրնայ երկիրը պահել: Ինչո՞ւ տասնեակ տարիներով Հայաստանէն հեռացած են միլիոնէ աւել մարդիկ: Խոյս տուած են աղքատութենէ: Փախած են ընկերային նուաստացումէ, իրենց հարազատը ապահովել չկարենալու սարսափելի հեռանկարէն:

Աղքատութեան ու թշուառութեան միջավայրին մէջ կը սկսին բազմանալ անորակն ու աղբը՝ թէ՛ սնունդի, թէ՛ արուեստի պարագաներու: Ցածորակ եւ աժան «շուկայական հոգեբանութիւնն» ու մասնագիտութիւններ արագօրէն կը բազմանան երկրին մէջ։ Ամէն բան սկսած է վաճառքի համար կատարուիլ՝ գիրք, երգ, երաժշտութիւն, միտք, հոգի․․․․․Հայաստանը վերածուած է հսկայ շուկայի մը, ուր մարդիկ արդէն ապրանք դարձած են եւ կ’ուզեն դառնալ այն, ինչ որ կ’ուզեն գնել: Այս, անշուշտ, նոր երեւոյթ մը չէ։ Աղքատութիւնը Հայաստանի կ’ընկերակցի 1991-էն ի վեր, բայց նսեմացնող է, երբ այսքան տարիներ ետք ալ հազարաւոր մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ նոյնիսկ կուշտ փորով հաց չուտելով, իսկ տասնեակ հազարաւորներն ալ ձեւով մը մէկ ամիս ապրելով, մինչեւ աշխատավարձ ստանան, որմէ յետոյ այդ դժոխային ամիսը նորէն կը սկսի:

Պաշտօնական վիճակագրութիւններու համաձայն, Հայաստան կը շարունակէ զարգանալ ապշեցուցիչ կշռոյթով։ Ամէն տարի երկրին պիւտճէն կ’աճի, ցուցանիշները կը բարձրանան, բայց երբ մարդու հոգին անդադար կը մաշի անվերջ պարտքերով, արագ եւ ցած որակի սնունդով, մշտապէս լեփլեցուն փոխադրամիջոցներով, սքանչելի գովազդով ու անկէ օգտուելու անկարողութեամբ, երբ մարդու օրը կը թթուի անընդհատ կրկնուող այդ հասարակական դժոխքով, մի՞թէ այդ չի նշանակեր, որ բան մը սխալ է, որ բան մը պէտք է տարբեր ըլլայ, որ նոյն հայրենիքը չի կրնար հաւասարապէս պատկանիլ թէ՛ անոր, որ ունի ամէն ինչ, թէ՛ անոր, որ ոչինչ ունի: Ախտը կը խորանայ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ նիւթական։ Դատարկ ստամոքսով հայրենասիրութիւնը մշտապէս կ’երերայ, բարձր գիտակցութիւնը՝ կը դողայ: Հայրենիք եւ պետութիւն ըսուածը կը դառնայ յարաբերական հասկացողութիւններ: Արուեստի ու գիտութեան համար տեղ ու ժամանակ չի մնար, բարձր գաղափարները կը նսեմանան դրամին առջեւ, կը վաճառուի ամէն բան եւ ամէն մարդ: Առողջ հասարակութիւնը կը վերածուի հիւանդ ինքնատանջանքի: Չես կրնար պահանջել, որ մարդ իր անձը զոհէ, երբ ան արդէն միայն «ձեւով մը կ’ապրի»։

Հայաստան հայրենիքն ու Հայաստան պետութիւնը կը տառապին աղքատութեան ճիրաններուն մէջ: Շատերը կրնան այլ ձեւով մեկնաբանել, այլ կերպ արդարացնել ու չհամաձայնիլ, բայց փաստը կը մնայ անփոփոխ: Աղքատութիւնը կ’աւերէ Հայաստանը: Ընկերային լարուածութիւնը կը բարձրանայ, ոգեւորութիւնն ու ատելութիւնը կը սաստկանան: Մարդիկ դժգոհ են ու լարուած: Բազմաթիւ երեխաներ կը մնան առանց ուսումի եւ առանց յառաջդիմութեան հեռանկարի: Աղքատութիւնը կը սպանէ մարդն ու հայրենիքի ապագան: Վախցած հասարակութիւնը, որ երբեք բաւարարաուած չէ իր ընկերային վիճակով, չի կրնար յաղթանակի մասին մտածել: Ինչպէ՞ս մտածես յաղթելու մասին, երբ քու առօրեադ պարտութիւն մըն է: Երբ Հայաստանի անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը հաղորդէ հերթական դաւաճանութեան լուրը՝ ընդամէնը 200-300 տոլարի դիմաց, այդ մէկը ոչինչ չի՞ յուշեր:

Բնական է, որ նման պայմաններու մէջ երկիրը չի կրնար Շթրաուս ու Մոցարթ ծնիլ, չի կրնար Ռամպրանթ կամ Քանթ ունենալ: Անոնք բոլորը զբաղած են քանի մը հազար դրամի դիմաց կուրանալ համակարգիչին առջեւ, մէջքերնին ջարդել բեռան տակ, կամ խաշիլ ամենէն աժան ինքնաշարժներու մէջ թաքսի վարելով ու իրենց նման այլ դժբախտներ տեղափոխելով: Իսկ եթէ կարողանաս 600 կամ 700 տոլար վաստակել ամսական, ապա կեցցե՛ս, դուն գրեթէ հերոս ես: Մեր ժամանակներու հերոսը:

Կան դէպքեր, երբ աղքատութիւնը ընկերային հարց է, եւ դէպքեր, երբ ան ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Հայաստանի պարագային աղքատութիւնը անտեսանելի, բայց հաստատուն կերպով շղթայած է մեր միտքն ու հոգին: Նոյնիսկ անհաւանական է այս պարագային որեւէ էական լաւատեսութիւն ունենալ: Այս Հայաստանի սովորական քաղաքացիի ամէն օրն է, բայց ոչ մէկ ձեւով այն չնչին փոքրամասնութեան, որոնք ֆրիկեան բնորոշումով ունին ամէն ինչ կամ ալ ծրագրաւորող են կամ այլ նորաձեւ մասնագիտութեան տէր: Արդեօ՞ք մենք՝ իբրեւ հասարակութիւն, ազգ եւ պետութիւն, չենք կրնար Հայաստանը դուրս բերել այս նուաստացուցիչ վիճակէն, որպէսզի Ֆրիկեան տողերը («Մէկն ի պապանց պարոնորդի, Մէկն ի հարանց մուրող լինի») մնան որպէս շատոնց անհետացած եւ այլեւս չվերադարձող մղձաւանջ։

Արայիկ Մկրտումեան
Տարբերակ21
Օգոստոս 2025

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ