
Լիբանանի կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացնէ Հըզպալլան զինաթափելու իր ծրագիրը, որմէ ետք Իսրայէլ կը յայտարարէ Լիբանանէն իր զօրքերը քաշելու իր ծրագիրը, յայտարարեր է Միջին Արեւելքի ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաք, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք, Պաապտայի պալատին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Լիբանանեան El Nashra լրատուականին համաձայն, Պարաք նշած է որ Լիբանանի կառավարութիւնը հիանալի աշխատանք կը տանի այս ուղղութեամբ։
Աւելի վաղ Լիբանանի կառավարութիւնը հաստատած էր պետութեան կողմէ զէնքի վերահսկման որոշումը եւ յանձնարարած բանակին մշակել ծրագիր եւ զայն իրականացնել մինչեւ տարեվերջ։
Հըզպալլահ քննադատած է կառավարութեան այս որոշումը զայն նկատելով Իսրայէլի շահերուն համապատասխանող քայլ, որ առնուած է «Միացեալ Նահանգներու հրահանգով»։
Հըզպալլահ նաեւ սպառնացած է որ «Լիբանանի մէջ կեանք չի մնար», եթէ կառավարութիւնը փորձէ իր այս որոշումը գործադրել։







Մեկնաբանէ