
Ի՞նչ նշանակութիւն ունի միջազգային դաշնագիր մը, որ պիտի մնայ թուղթի վրայ լոկ: Ի՞նչ իմաստ ունի միջպետական պայմանագիր մը, երբ պիտի չգործադրուի երբեւիցէ: Ի՞նչ է կէտ-նպատակը համաձայնագիրի մը, որուն յօդուածները պիտի մոռցուին ստորագրողներուն մելանը դեռ չչորցած: Ո՞րն է պայմանաւորուածութեան մը կարեւորութիւնը, երբ զայն յարգողներ պիտի չըլլան կամ պիտի ուրանան անոր պայմանադիր կողմերն իսկ: Ի հարկէ՝ պարապ վախտի խաղալիք…:
10 Օգոստոս 1920-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը պարտութեան խարանն էր Օսմանեան կայսրութեան: Անոր ներկայացուցիչները գլխիկոր կը հնազանդէին յաղթական Դաշնակիցներու պարտադրած պայմաններուն դիմաց: Երկա՜ր-բարա՜կ քննարկումներ, բանակցութիւններ, սակարկութիւններ, հաշիւներ ի վերջոյ պիտի յանգէին փաստաթուղթերու եւ յօդուածներու ծաւալուն թղթածրարի մը, որ միջազգային պատմութեան մէջ հանրաճանաչ է Սեւրի դաշնագիր անունով:
Տուժած կողմը մէկն էր՝ Օսմանեան կայսրութիւն, որուն աւերակներէն տակաւին կը մխային անոր անփառունակ ջախջախման ծուխն ու մուխը, կը լսուէր թուրքերու ողբն ու շիւանը: Մինչ, փոքր դաշնակիցներ, ազգային նոր այգաբացի մը նշոյլները կը նշմարէին Սեւրի ապակեպատ դահլիճին մէջ կայացած պատմական հանդիսութենէն՝ ողջունելով այդ դաշնագիրը, քիչ մը միամիտ խանդավառութեամբ:
Բնականաբար, խանդավառ եւ գերերջանիկ էին անոնք, որոնք նոր ուրուագծուող քարտէզին վրայ պիտի ունենային հայրենիք կամ պիտի վաստկէին նոր տարածքներ եւ ապահովէին նոր շահեր: Սեւրի բանակցութիւնները, հոն ընթացող դիւանագիտական առեւտուրը վա՛ռ յոյսերով ոգեւորած էր յատկապէս հայերը, քիւրտերը, յոյները: Սեւրի դաշնագիրը հայկական կողմէ ստորագրած գրող ու պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան իր յուշերուն մէջ պիտի արձանագրէր՝ թէ «այդ օրը կեանքիս ամենաերջանիկ օրն էր». եւ ի՜նչ բարեբախտութիւն, անուանակարգի սկզբունքով (A – Armenie) ան պիտի ըլլար առաջինը որ դաշնագիրին տակ պիտի դնէր իր ստորագրութիւնը՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան: Անդին յոյներ, իրենց հերթին, ոգեւորուած էին, որովհետեւ Զմիւռնիան եւ անկէ արեւելք ինկող տարածքները պիտի միանային Յունաստանի: Յունաստանի ներկայացուցիչը՝ Էլեֆթերիոս Վենիզելոսը, յուզաթաթաւ պիտի ողջագուրուէր Ա. Ահարոնեանի հետ, որպէս յաղթական փոքր դաշնակիցներ եւ բախտակից ժողովուրդներ: Նոյնպէս քիւրտեր ցնծութեան մէջ էին, քանզի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի գոյանար ինքնավար Քիւրտիստան մը՝ Հայաստանի հարաւը: Անգլօֆրանսական ճարտարապետութեամբ գծագրուող Փոքր Ասիան եւ Միջին Արեւելք, Օսմանեան կայսրութեան փլատակներէն նոր ձեւ ու կերպարանք պիտի ստանար Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ:
Բայց ո՞վ պիտի գծէր խոստացուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Եւ ահա ԱՄՆ-ի նախագահը՝ Ուտրօ Ուիլսըն կը հրամցնէր շուրջ 160 հազ. քլմ. պատկառելի տարածութեամբ Հայաստան մը, որ պիտի զգլխէր ու հմայէր ողջ հայութիւնը: Դարաւոր երազի մը իրականացումը մօտալուտ կը թուէր ըլլալ: Մեծ Հայաստանի մը գոյառման արձագանգները կը լսէին շատեր՝ բերկրալի կայտռանքներով:
Սեւրի դաշնագիրին մելանը երբ դեռ թաց էր, հայոց հրճուանքը իր բարձրակէտին հասած, գլխովին տարբեր դէպքեր պատահեցան գետնի վրայ: Քեմալական Թուրքիա, արշաւելով Հայաստանի վրայ, ծանր պայմաններ պարտադրեց Ալեքսանդրապոլի մէջ: Անգարա կքած, արիւնաքամ եւ ուժասպառ Հայաստանէն շատ հեշտութեամբ կորզեց Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, ուր հայկական կողմը ոչ միայն կը հրաժարէր Սեւրի պայմաններէն, այլեւ կ’ունենար հազիւ գոյատեւելու օճախ մը՝ 10 հազար քառ. քլմ. տարածքով: Այս դաժան պայմանագիրին տակ, այս անգամ կը ստորագրէր Ալ. Խատիսեան՝ Ա. Ահարոնեանի պատկանած իշխանութեան միւս անդամը: Աւելի ուշ, 1923 Յուլիս 24-ին, այս անգամ Սեւրի դաշնագիրին յանձնառու երկիրներ, Լօզանի մէջ հաւաքուած, իրենց դիւանագիտական խարդաւանքներուն մէջ, ոչ միայն ուրացան իրենց իսկ ստորագրութիւնները, այլեւ՝ կոպտօրէն արհամարհեցին հայութիւնն ու Հայաստանը: Լօզանի դաշնագիրով ոչ եւս էր Սեւրը… Ուրեմն ի՞նչ մնաց Սեւրէն՝ եթէ ոչ՝ քարտէզ մը միայն…
Տասնամեակներ շարունակ Սեւրի դաշնագիրով գծուած Հայաստանի քարտէզը փայփայելի մասունքի կը նմանէր: Ոմանք զայն կենսակոչելու ոգիով տարուած՝ ճառեր եւ երազներ կը հիւսէին խանդաբորբ կիրքով. քարտէզ մը սիրելի՝ որ չէր հեռանար մեր մտապաստառէն. թիրախ մը՝ կամաց-կամաց հասանելի: Եւ հասանք 2020 թուական, երբ Սեւրի դաշնագիրին 100-ամեակը կը նմանէր ազգային զարթօնքի՝ անոր հասնելու ուղղութեամբ: Գիտաժողովներ, պահանջատիրական ելոյթներ, վարչապետի յախուռն ճառ եւ պայթուցիկ-ուռուցիկ խօսքեր: Եւ այս՝ 2020 Օգոստոսին: Սեւրի քարտէզը, իր ակնահաճոյ սահմաններով, ուռեցուցած էր մեր վերացապաշտ փոլիթիքոսներուն կուրծքերը: Բայց… մէկ ամիս ետք, Արցախի դէմ յարձակումով, 2020 Սեպտեմբեր 27-ին, շրջուեցաւ ամէն ինչ: Կրկնուեցաւ 1920-ը: Քարտէզ գծելն ու ցանկալը խիստ հաճելի է, սակայն զայն իրագործելը կարելի՞ է: Ահա այս զգայուն կէտը չհասկցան շատեր: Չուզեցին հասկնալ: Ցարդ չեն ուզեր հասկնալ:
Ի՞նչ մնաց Սեւրի դաշնագիրէն: Խրատականը հետեւեալն է.- պահպանե՛լ ինչ որ ունինք, չկորսնցնե՛լ մեր ունեցածը, գուրգուրա՛լ եղածին վրայ: Գիտնա՛լ արժէքը մեր ափ մը հայրենիքին:
Եւ ահա, 8 Օգոստոսին, Սեւրի դաշնագիրի յիշատակման նախօրէին, նոր համաձայնագիրով մը ԱՄՆ իր թաթը դրաւ Հայաստանի հարաւային սահմանին: Կարծէք կը յիշեցնէ Ուտրօ Ուիլսընի օրերը, երբ ԱՄՆ-ի նախագահը քարտէզ կը գծէր հայոց համար՝ խիստ հիանալի, բայց բացարձակապէս անգործադրելի: Քարտէզ մը՝ որ մնաց երազ մը սոսկ: Միայն վերջին համաձայնագիրն ալ չմնայ թուղթի վրայ լոկ: Չէ՞ որ անգամ մը լեղի փորձառութիւնը ունեցած ենք անոր…
Ի՞նչ մնաց Սեւրէն. պատասխանը՝ քարտէզ մը միայն, որ երբեմն կարելի է Դիմատետրի մէջ տեղադրել եւ խանդավառուիլ պարզապէս: Ուստի՝ դիմատետրեան հրճուանք մը հազիւ:
Աւետիս Ռազմիկ
Արարատ
14 Օգոստոս 2025







Մեկնաբանէ