
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու ժամաներ է Կազա, հաստատելու Կազա քաղաքը գրաւելու եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ-ի դէմ պայքարը, յայտնած է վարչապետի գրասենեակը։
Նեթանիահու նաեւ հրամայած է անյապաղ սկսիլ բանակցութիւններու իսրայէլցի բոլոր պատանդները ազատ արձակելու եւ պատերազմը Իսրայէլի համար ընդունելի պայմաններով դադրեցնելու համար։
Աւելի վաղ, պաշտպանութեան նախարար Իսրայել Կացը հաստատած էր Կազա քաղաքի գրաւման գործողությունը, իսկ Իսրայելի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակի գրասենեակը յայտարարած էր որ գործողութեան նախապատրաստուելու համար մօտաւորապէս 60,000 պահեստազօրի զօրակոչի հրաման տրուած է։







Մեկնաբանէ