Պոլիվիոյ նախագահ Լուիս Արսէն քննադատած է  Լատին Ամերիկայի մէջ զօրքեր տեղադրելու ԱՄՆի որոշումը։

«ԱՄՆ կառավարութիւնը յայտարարեր է Քարիպեան կղզիներուն եւ Լատին Ամերիկայի քանի մը վայրերու մէջ ռազմածովային ուժերու տեղակայումը, թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի պատրուակով: Միակողմանի այս քայլերը ոչ միայն սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածաշրջանի խաղաղութեանը եւ կը խախտեն անկախ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը, այլեւ կ՛անտեսեն միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները», յայտարարեր է Արսէն Ամերիկայի ժողովուրդներու Պոլիվարեան դաշինքի (ԱԼՊԱ)՝ վեհաժողովի ընթացքին։

Ան նշեր է որ Պոլիվիա կը դատապարտէ որեւէ միջամտութիւն ինքնիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն եւ ընդգծեր է որ Լատին Ամերիկան եւ Քարիպեան կղզիները խաղաղութեան գօտի են եւ այդպէս ալ պէտք է մնան

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ