
Սերպիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 19 հոգի հակակառավարական ցոյցերու ընթացքին կատարուող անկարգութիւններու պատճառով, կը հաղորդէ EFE գործակալութիւնը։
Բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են մայրաքաղաք Պելկրատի եւ կարգ մը կարեւոր քաղաքներուն մէջ։ Բողոքի մասնակիցները անկարգութիւններ կատաևած են նաեւ իշխող կուսակցութեան կեդրոնակայանին դէմ։
Սերպիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը սկսած էին երբ անցեալ Նոյեմբեր 1ին Նովի Սատ քաղաքի երկաթուղագիծի կայարանին մէջ ծածկի փլուզման հետեւանքով մահացան 16 հոգի։ Ժամանակի ընթացքին բողոքները ստացան քաղաքական բնոյթ եւ պահանջել իշխանութիւններուն հրաժարականը։







Մեկնաբանէ