Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ եւրոպացի ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեր է որ Քիեւի անվտանգութեան երաշխիքները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը պատրաստուին 10 օրուայ ընթացքին, իսկ տարածքներու հարցը կը քննարկէ Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, կը հաղորսէ Reuters գործակալութիւնը։

Օգոստոս 18ի հանդիպումին, Թրամփ Զելենսքիին յայտնած է թէ Միացեալ Նահանգները կ՛օգնէ երաշխաւորել Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը ռուս-ուքրանական պատերազմի դադարեցման շուրջ որեւէ համաձայնագիրի պարագային, իսկ Զելենսէին նշած է որ Թրամփի հետ իր այս հանդիպումը ցարդ «լաւագոյնն» էր։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ