
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան։ Երևանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանին մէջ Իրանի նախագահին դիմաւորած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։
Հայաստան եւ Պելառուսիա կատարելիք այցելութիւններուն նախօրէին, Իրանի նախագահը Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։ Քննարկուած է տարբեր ոլորտներու մէջ ներդրումներու եւ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր։
Իրանի նախագահի այցելութեան ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ Օգոստոս 19ին տեղի կ՛ունենայ հայ եւ իրանցի գործարարներու համաժողով։







Մեկնաբանէ