«Գանձասար»-ի Քեսապի թղթակիցը յայտնած է որ Քեսապի մէջ կրկին հրդեհներ բռնկած են՝ այս անգամ Պաղճաղասէն Մեղրաձոր, Փենելըք, Էքիզօլուքի լեռները։ Կրակը Էքիզօլուքէն Տիւզաղաճի ուղղութեամբ սկսած է տարածուիլ։ Գիւղացիները առաջքը առած են, որպէսզի կրակը գիւղին չմօտենայ, գիւղին դիմացի լեռները կը հրկիզուին։ Տիւզախաճի տղաքը նախազգուշական աշխատանք կը տանին, որպէսզի հրդեհը բնակարաններուն չհասնի։

Առայժմ պարտէզներ կամ բնակարաններ չեն վնասուած։

Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, գիւղացիներու եւ հրշէջներու օգնութեամբ Էքիզօլուքի պարտէզները չեն վնասուած։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ