
ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ իր լիազօրութիւններու փոփոխութիւնները պիտի քննարկեն Երեւանը եւ Պրիւքսէլը, յայտներ է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով պաշտօնական ներկայացուցիչ Անիթա Հիփըր:
«Առաքելութեան լիազօրութիւններուն մէջ կը մտնէ դիտարկել եւ զեկուցել հայ-ատրպէճանական սահմանի հայկական կողմը տիրող իրավիճակի:
Եւրոպական Միութիւնը ողջուներ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը եւ կոչ ուղղած է կողմերուն կարելի եղած չափով շուտ ստորագրել եւ վաւերացնել զայն»,- ըսած է Հիփըր։







Մեկնաբանէ