
Սեպտեմբեր 5-ին կը մեկնարկէ Գեղարուեստական Տպագրութեան Յոբելեանական Հինգերորդ միջազգային Բիենալէ, Երեւան 2025-ը։
Հիմնական ցուցադրութեան հետ զուգահեռ Բիենալէ 2025-ը պիտի հիւրընկալէ Գեղարուեստական Տպագրության Երկրորդ միջազգային Համաժողովը, «Տպագրութենէն մինչեւ Պիքսէլ․ Արուեստ, արհեստական բանականութիւն եւ արդիւնաբերութիւն» խորագրով։ Երկօրեայ համաժողովը կը համախմբէ արուեստագէտներ, հետազօտողներ, իրաւաբաններ եւ մշակութային գործիչներ Հայաստանէն եւ արտերկիրէն, ուսումնասիրելու թէ ինչպէս արհեստական զարգացածութիւնն ու արհեստագիտութիւնը կը վերափոխեն արուեստի ապագան։
Միջոցառման յատուկ հիւրն է՝ Նորվեկիոյ Սոնիա Թագուհիին գեղարուեստական տպագրութեան ամէնամեայ մրցանակի տնօրէն եւ արդի արուեստի առաջատար գործիչ տիկին Թրուտէ Կոմնէս Ուկելսդատը (Նորվեկիա), որ նաև Գեղարուեստական տպագրութեան Յոբելեանական Հինգերորդ միջազգային Բիենալէ, Երևան 2025-ի ժիւրիի նախագահն է:







Մեկնաբանէ