Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր մը՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ»ին համար (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ պիտի ճանչցուի TRIPP յապաւումով:  

Թրամփ, Ալիեւ եւ Փաշինեան այս հռչակագիրը ստորագրեցին 8 Օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք:

Թրամփ հռչակագիրը ստորագրեց իբրեւ վկայ, իսկ Փաշինեան եւ Ալիեւ՝ փաստաթուղթը ստորագրելով, պիտի հաստատեն իրենց ուղին դէպի խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ կայունութիւն:

Նախքան եռակողմ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Թրամփի հանդիպում, ապա տեղի ունեցաւ Թրամփի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը։

Թրամփ յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պարտաւոր կը դառնան ընդմիշտ դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները:

Փաշինեան ընդգծեց որ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման համաձայնագիրը հիմնուած է գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներուն վրայ:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ