
Հայաստանի ընդդիմութեան գործերը լաւ ընթացքի մէջ չեն։ Ամիսներէ ի վեր, չըսելու համար տարիներէ, անոնց մունետիկները կ’աւետեն Հայաստանի մօտալուտ կործանումը, սակայն այդ կանխատեսումները յամառօրէն կը մերժեն իրականութիւն դառնալ։ Այս օրերուն անոնք դարձեալ դժգոհ են, այս անգամ ոչ թէ իշխանութիւններէն՝ այլ Հայաստանի քաղաքացիներէն, որոնք ամառուան եղանակին ուրախութեան պահեր կը բոլորեն, կարճ ժամանակով մոռնալով իրենց առօրեայ հոգսերը։ Երեւանի հրապարակներուն վրայ խմբային շուրջպար կատարելը, երկրի մէկ կողմէն միւսը վարդավառ տօնելը, հազարաւորներով գինիի փառատօնին ներկայ գտնուիլը ու տասնեակ հազարներով Սեւանի ափին հանգստանալը անընդունելի երեւոյթներ են ընդդիմադիրներուն համար։ Այդ խաւարամիտներուն համար ժողովուրդը պէտք չէ զուարճանայ, քանի որ երկիրը կը գտնուի անկումի ու քայքայման եզրին, պատերազմը անխուսափելի է, իշխանութիւնները կը պատրաստուին «Զանգեզուրի միջանցքը» յանձնելու Ատրպէյճանին կամ վաճառելու Ամերիկային, 300 հազար ատրպէյճանցիներ կու գան Հայաստան, պետութիւնը ելեկտրական բաշխիչ ցանցերը պիտի յանձնէ թուրքերուն, ու տակաւին շարքը երկար է այն բոլոր «աղէտներուն», որոնք, ըստ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն, կը սպասեն Հայաստանին ու Հայ ժողովուրդին։
Վերջին եօթը տարիներու ընթացքին նախկին օլիկարխիկ համակարգի ներկայացուցիչներ այդպէս ալ չկարողացան հաշտուիլ իշխանութեան կորուստին հետ ու կը խորհին, թէ պիտի կարողանան պատմութեան անիւը ետ շրջել ու վերադառնալ իրենց նախկին օրերուն, պարզապէս պէտք է ժողովուրդը «ճիշդ» կողմնորոշել։ Սակայն, Հայաստանի ժողովուրդին հաշիւները տարբեր են։ Անոնք ամէն օր ցոյց կու տան կամք ու տոկունութիւն՝ կառչելու իրենց սովորութիւններուն ու վայելելու այն ազատութիւնները, որոնք ձեռք ձգուեցան թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ։ Այդ ազատութիւններէն կ’օգտուին բոլորը, ներառեալ ընդդիմադիրները, որոնք, սակայն, ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքները շահագործելով կը հարուածեն նոյն այդ ժողովրդավարութիւնը։
Հայաստանի ժողովուրդը ունի բազում դժուարութիւններ, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ։ Ոմանք աւելի լաւ կը յաղթահարեն այդ դժուարութիւնները քան ուրիշները։ Սակայն, բոլորին համար ստեղծուած են որոշ չափով հաւասար պայմաններ՝ յառաջդիմելու եւ աւելի բարեկեցիկ կեանք ապահովելու առումով։ Իշխանութիւնները կը դրսեւորեն կամք՝ դիմագրաւելու ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները, հակառակ որոշ ուժերու փորձերուն՝ խարխլելու պետութեան հիմքերը՝ բռնութեան կոչերով ու յեղաշրջումի փորձերով։
Այո՛, Հայաստանը դրախտ չէ, սակայն նոյն ատեն այն դժոխքը չէ, ինչպէս որ կը ներկայացնեն ոմանք ու կը փորձեն համոզել հասարակութիւնը։ Ընդդիմութիւնը կը շարժի «որքան վատ երկրին, այնքան լաւ մեզի համար» սկզբունքով։ Ժամանակն է, որ անոնք դուրս գան իրենց պատեանէն ու հարցերուն մօտենան աւելի իրատեսական եղանակով եւ, ինչու չէ, գան ու միանան ժողովուրդի հաւաքական շուրջպարին։ Այլապէս, տակաւին երկար պիտի մնան տխրութեան մէջ։
Գրիգոր Խոտանեան
Արարատ
2 Օգոստոս 2025







Մեկնաբանէ