
Ռուսական տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր գրոհած է Ռումանիոյ սահմանին մօտ գտնուող ուքրանական գազափոխադրման ենթակառուցուածքի կայանը, ուրկէ Ուքրանիա կը մտնէ ԱՄՆէն եւ Ատրպէյճանից եկող կազը, կը հաղորդէ «ՌԲԿ-Ուքրանիա» պարբերականը։
Օտեսայի իշխանութիւններ իրենց հերթին յայտնած են որ գիշերը ռուսական կողմը թիրախաւորած է Իզմայիլի շրջանի կազային ենթակառուցուածքը։ Բռնկուեր է հրդեհ, որուն հետեւանքով ոչնչացուեր են արտադրական սարքաւորումները։
Բռնկուած հրդեհը գիշերը տեսանելի եղած է նոյնիսկ Ռումանիոյ բնակիչներուն։







Մեկնաբանէ