Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն այցելէ Ուքրանիա, կը հաղորդէ Türkiye թերթը։

Հրատարակութեան համաձայն, դիւանագիտական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի Էրտողանի Քիեւ հնարաւոր այցելութիւնը։ Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը պնդեն որ այցելութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկա օրերուն։ Թերթը կ՛աւելցնէ նաեւ որ այցելութեան օրակարգին են երկու երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի վաւերացումը եւ Ռուսիոյ ու Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը։

Նշենք որ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքի հրաւիրած էր Էրտողանը Ուքրանիա այցելելու։

Թրքական իշխանութիւնները ո՛չ հաստատած ո՛չ ալ հերքած են Türkiye-ի հրապարակումը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ