Գիւմրիի մէջ Օգոստոս 8էն 17ը տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից արուեստի միջազգային փառատօնը՝ «Gyumri Art Week»-ը, որ այս տարի նուիրուած է բնապահպանութեան եւ շրջակայ միջավայրի ապահովութեան։ «Gyumri Art Week»-ը միտուած է դառնալու ժամանակակից արուեստի եւ գիտական տարբեր ոլորտներու միջեւ համագործակցութեան կապ ստեղծելու, միաժամանակ խթանելով արուեստագիտական հետազօտութիւնները եւ հասարակական գործընթացներու շուրջ բանավէճը։

Փառատոնը պիտի ներառէ վարպետաց դասեր, ցուցահանդէսներ, քննարկումներ եւ վայրին յատուկ գործողութիւններ, նպաստելով գիտելիքի ստեղծման եւ արուեստի ու հասարակութեան միջեւ երկխօսութեան։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ