
Անցնող Յուլիսին Միացեալ Նահանգներու 87 քոնկրէսականներ կոչ ուղեցին կառավարութեան, ապահովելու արցախահայութեան անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենիք։ Այս կոչը կը հիմնուի Մայիսին Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոյնանման բովանդակութեամբ բանաձեւին վրայ։
Այս կոչը պատահականութիւն պէտք չէ համարել։ Պարզ յիշեցում մը։ Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ ծանօթ է «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» անունով, կատարուեցաւ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ։ Ժամանակագրականօրէն եթէ ետեւ երթանք, պէտք է յիշենք նաեւ որ Մեղրի-Արցախ փոխանակման առաջարկը Կոպըլի (ամերիկացի քոնկրէսական) ծրագիրն է։ Տասնամեակներ ետք, գործընթացը փոխուած է, բայց դերակատարները կը մնան նոյնը եւ այս անգամ հարցին էութիւն տեղափոխուած է այլ հարթութեան վրայ։
Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի մասին անդրադարձան բազմաթիւ երկիրներու քաղաքական դէմքեր; Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է որ նոյն այս հարցը բարձրացուց նաեւ ռուսական կողմը։
Թէ անցեալի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ թէ քոնկրէսականներու այս կոչը ցոյց կուտան մէկ յստակ բան՝ Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութեան չափը Կովկասի նկատմամբ։ Ուշագրաւ է նաեւ որ քոնկրէսականներու այս կոչին զուգահեռ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեան կարգաւորման հարցը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ սեղանի վրայ դրուեցաւ աւելի յստակ առաջարկով, Սիւնիքի անցքը ուղղակիօրէն յանձնելու ԱՄՆի հսկողութեան։
Սիւնիքի մէջ Միացեալ Նահանգներ ներկայ ըլլալով, մէկ կողմէ յաւելեալ պաշարման կ՛ենթարկեն Իրանը եւ միւս կողմէ ռուսական ազդեցութիւնը նուազագոյնի կը հասցնեն հարաւային Կովկասի մէջ եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով արեւմուտք տէր կը դառնայ աշխարհաքաղաքական այս կարեւոր ճանապարհային հանգոյցին։
Հայկական կողմը ի՞նչ կրնայ շահիլ այս առաջարկէն եւ կամ ի՞նչ կրնայ կորսնցնել։
Ճիշդ է որ միջանցքի հսկողութեան բոլոր մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած, բայց եւ այնպէս շատեր անոր մէջ տեսան Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ հարուած։ Թէեւ այդ ճանապարհի վրայ հայկական կողմին իրաւասութիւններու մասին ոչինչ ըսուած է ցարդ։ Սակայն…
Պէտք է ընդունիլ որ այսօր Հայաստան առնուազն ի վիճակի չէ ատրպէճանական զինուորական նկրտումները զսպելու եւ ապահովելու Սիւնիքի անձեռնմխելիութիւնը։ Զինուորական այս թուլութիւնը նաեւ քաղաքականապէս տկար դիրքերու վրայ կը դնէ Հայաստանը բանակցային սեղանին։ Դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները, 44օրեայ պատերազմէն ետք, բաւարար չափով երկրի ներքին դիմադրողականութիւնը։ Այս ապիկար քաղաքականութեան մէջ դերակատար է նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կեղծ հայրենասիրական թէզեր առաջ տանելով։ Իսկ իշխանութիւնները ենթադրեալ խաղաղութեան օրակարգին հաւատարիմ, զիջումնային անվերջ քաղաքականութիւն վարեցին։
Այսօր Հայաստանի եւ հայութեան համար կարեւոր հանգրուանի մը սեմին ենք։ Հայաստանը թէեւ որպէս բանակցող կողմ զինուորապէս թոյլ է, սակայն անգամուան մը համար աշխարհագրական իր առաւելութիւնը օգտագործելու պարտադրանքին առջեւ կը գտնուի։ Եթէ Սիւնիքի միջանցքի հարցը կրակի վրայ դրուած է, ապա Հայաստանը պարտաւոր է, առնուազն ԱՄՆէն պահանջելու արցախահայութեան վերադարձը եւ Բերձորի միջանցքը նոյն կարգավիճակով ԱՄՆին յանձնելու։ Կ՛ընդունի՞ն Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան նման փոխանակում։ Ատրպէյճանի կողմէ նման առաջարկի մերժումը կը փակէ Սիւնիքի միջանցքի հնարաւորութիւնը եւ զայն կը դնէ ԱՄՆի հակադրոուղի դիրքի մէջ։
Ձեռնտու է՞ նման մօտեցում Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Պէտք է քննարկել թէ ի՞նչ կը շահինք ազգովի եւ ի՞նչ կրնանք կորսնցնել։
Մէկ բան կրնանք այլեւս աներկբայօրէն հաստատել, որ հայրենասիրական կարգախօսերով եւ զգացական կոչերով ոչ հայրենիք կարելի է պահել, ոչ ալ պետութիւն։
Քաղաքականութիւնը ընձեռուած առիթներու օգտագործումն է զանոնք առաւելագոյն չափով շահաւէտ դարձնելու պետութեան եւ ազգի ապագային համար։
Այս մտասեւեռումով ալ հայ քաղաքական միտքը պէտք է նժարի վրայ դնէ բոլոր կարելիութիւնները եւ ճիշդ ուղղութեամբ ընթանայ։







Մեկնաբանէ