
Քաղաքականութեան, գործարարութեան, ընտանեկան յարաբերութիւններուն, կրօնքին, թէ պատերազմին մէջ՝ ամբողջ աջակողմեան աշխարհայեացքը ի մի բերող եւ ամրապնդող ընդհանուր շաղախը հնազանդութեան գաղափարն է։ Հիմնական գաղափարը ան է, որ պէտք է միշտ գոյութիւն ունենայ ղեկավարող, գերիշխող ու վճռող հեղինակութիւն մը՝ սովորաբար տղամարդ, որուն պէտք է ենթարկուին բոլո՛րը։ Եթէ չես ենթարկուիր՝ պիտի կրես հետեւանքները։ Ուղերձը աքլորավարի է եւ յստակ՝ հնազանդի՛ր հօրը… թէ ոչ…։
Այս մտածելակերպը նոր չէ։ Հին Հռոմի մէջ ընտանիքին հայրը (pater familias) իր կնոջ ու զաւակներուն վրայ ունէր ամբողջական իշխանութիւն, ներառեալ իրաւական կողմը. ան կրնար որոշել, թէ անոնք պիտի ապրի՞ն, թէ՞ ոչ։ Ընտանիքը չէր նկատուէր իրենց սեփական իրաւունքներով անձերու խումբ մը, այլ իբրեւ տղամարդու մը անձնական գոյքը։
Հայրիշխանութեան այս ծայրայեղ կիրարկումը սահմանափակուած չմնաց ընտանեկան շրջանակներու մէջ։ Ան դարձաւ աւելի մեծ իշխանական համակարգերու օրինակ։ Թագաւորը դարձաւ «հայրենիքին հայրը» (Pater patriae), իսկ Աստուած՝ գերագոյն Հայրը (Pater supremus)։ Այս տրամաբանութեամբ՝ մարդոց սորվեցուցին հաւատալ, որ ամբողջ իշխանութիւնը վերէն կու գայ եւ իշխանութեան ենթարկուիլը բնական է, բարոյական եւ, անշուշտ, աստուածահաճոյ։ Ըստ այդմ, պէտք է հնազանդիս թէ՛ հօրդ, թէ՛ ղեկավարիդ, թէ՛ քահանայիդ, թէ՛ նախագահիդ, թէ՛ Աստուծոյ։
Հայրիշխանութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ պարզապէս տղամարդոց իշխանութիւն։ Հայրիշխանութիւնը նաեւ կը վերահսկէ տղամարդիկը։ Անոր ենթարկուողներուն կարեւոր մէկ մասը տղամարդիկ են, որոնք յարմարելով «կանոններուն»՝ կը պայքարին առկայ դրութեան մէջ աւելի բարձր տեղի համար ու կը ձգտին տեւականացնել զայն, յուսալով, որ կրնան օր մը դառնալ բարձրագոյնը։ Իրականութեան մէջ, հայրիշխանութեան` տղամարդոցմէ պահանջած բռնութեան «հիմնադիր» դրսեւորումը կիներու նկատմամբ բռնութիւնը չէ։ Փոխարէնը, ան բոլոր տղամարդոցմէ կը պահանջէ ներգրաւուիլ հոգեկան ինքնախեղման գործողութիւններու մէջ, որպէսզի սպանեն իրենց յուզական մասը։ Եթե անհատը չի յաջողիր յուզականօրէն խեղել ինքզինք, օգնութեան կը հասնին «կարեկից ընկերները». պատմութեան եւ առօրեայ կեանքին մէջ ծանօթ են բազմապիսի ծէսեր, որոնք ի գործ կը դրուին «դաստիարակելու» «թոյլ» տղամարդիկը, գլխաւորաբար թիրախաւորելով անձի սեփական ինքնագնահատականը։
Անշուշտ, հայրիշխանութիւնը առաւելաբար կը վերաբերի կիներու ու մանուկներու, եւ յատկապէս՝ վերարտադրութեան նկատմամբ վերահսկողութեան։ Այս համակարգին մէջ, կնոջ արժէքը կը չափուի անոր ծննդաբերելու կարողութեամբ, իսկ զաւակները կը դաստիարակուին ոչ թէ քննադատաբար վերաբերելու իշխանութեան, այլ զայն վերարտադրելու։ Իշխանութեան մէջ եղող մարդուն նպատակը միմիայն վերահսկելը չէ, այլ յաւերժութիւն ձեռք բերելը, անմահանալը՝ իր պատկերը ապագայ սերունդներուն փոխանցելու ձեւով։
Ահա թէ ինչո՛ւ այս տեսակ աշխարհայեցողութեան մէջ հիւանդագին վարքագիծերը յաճախ չեն ընկալուիր իբրեւ խնդիր, այլ կը գովերգուին, նոյնիսկ կը վարձատրուին։ Իրենց ընտանիքներուն մէջ բռնացող, իրենց կիներուն դաւաճանող, իրենց զաւակները շահագործող կամ իրենց իշխանութիւնը ուրիշները վերահսկելու համար գործածող տղամարդիկ յաճախ կը դիտուին ոչ թէ իբրեւ յանցագործներ, այլ «ուժեղ առաջնորդներ»։ Անոնք կը նուիրականացնեն «ալֆա տղամարդ»ու դերակատարութիւնը։ Այս աղաւաղուած գաղափարախօսութեան մէջ, ալֆա տղամարդը ոչ միայն կանոնները չի խախտեր, այլ ինքն է կանոններուն հեղինակը։
Բազմիցս տեսած ենք այս իրականութիւնը։ Յանկարծ կը յայտնուի բռնութիւններու համար մեղադրուող մոլագար մը, որուն շուրջ կը ստեղծուի երկրպագուներու համայնք մը։ Կը յիշեմ պարագան տղամարդու մը, որ Ա. Մ. Ն.ի հարաւին մէջ սպանած էր իր կինն ու որդին, բայց ընկերային ցանցերու աստղ դարձաւ իր իբրեւ թէ հմայիչ ժպիտին համար։ Որքա՜ն պաշտպանողներ ունեցաւ ամերիկացի այն բժիշկը, որ տասնեակներու հայր դարձած էր գաղտնաբար՝ բուժման համար իրեն դիմած կիները առանց անոնց իմացութեան բեղմնաւորելով, քանի որ կը կարծէր, թէ իր ծիները լաւագոյնն են ու պէտք է փոխանցուին առատօրէն։ Հանրայայտ Ճեֆրի Էփսթէյն երիտասարդ աղջիկներ կը վաճառէր եւ ազդեցիկ այրեր կը հիւրընկալէր իր մեղքերու կղզիին վրայ։ Հին բայց երբեք չմոռցուող պատմութիւն՝ Տէյվիտ Քորէշ ունէր անչափահասներու հարեմ մը, եւ համոզած էր հարիւրաւոր հետեւորդներ, թէ ինք իրենց մարգարէն էր։ Արաբական Արեւելքին ու Հայաստանի մէջ, նման պատմութիւններ առօրէական են, սովորական եւ բարձր գնահատուած։ Այս բոլոր տղամարդիկ համակարգէն դուրս չեն եղած. անոնք պարզապէս հայրիշխանութեան տրամաբանութիւնը հասցուցած են իր ծայրայեղ ձեւերուն։ Անոնք դատական բացայայտումի մը բերումով յայտնուած են հասարակութեան հետաքրքրութեան լոյսին տակ։ Անոնք չունին բացառիկութեան այլ յատկանիշ, բացի զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակումներու առարկայ եղած ըլլալը։
Այս բոլոր պարագաներուն, «հզօր տղամարդիկը» միացնողը ոչ միայն անոնց յանցանքներն են, այլեւ անոնց ունեցած «իրաւունքի» զգացումը՝ այն համոզումը, թէ քանի որ տղամարդ են եւ յաճախ՝ ազդեցիկ, իրաւունք ունին ուրիշներու մարմիններն ու կեանքը տնօրինելու։ Մշակոյթներու մէջ, ուր իշխանութիւնը կը փոխանցուի հօրմէ որդի եւ ուր «պատիւը» կամ «սկզբունքայնութիւնը» աւելի վեր կը դասուին ինքնիշխանութենէն, այս վարքագիծը սխալ չի նկատուիր։ Ան հասարակական համակարգին մէկ յատկութիւնն է։
Ամենատհաճը ան է, թէ այս բոլորը շատ սովորական դարձած են։ Հայրիշխանական դրութիւնը այնքան խոր հիւսուած է մեր ընկերութեան եւ անոր զանազան բաղադրիչներուն մէջ (ընտանիք, գործատեղի, կառավարական ու կրօնական հաստատութիւններ եւ այլն), որ շատեր հազիւ կը զգան անոր առկայութիւնը։ Զայն կը փոխանցեն սերունդէ սերունդ՝ փաթեթաւորուած իբրեւ աւանդութիւն, բարոյականութիւն, նոյնիսկ՝ անմնացորդ սէր…
Ամերիկացի բնիկ մտածող մը այս համակարգը բնորոշած է իբրեւ մտային հիւանդութիւն մը, վարակ մը, որ տարածուեցաւ գաղութատիրութեամբ եւ կայսրութիւններով, ախտահարելով մշակոյթները այն համոզումով, որ գերիշխանական վարքը կարգ ու կանոն է, իսկ զաւթումը՝ քաղաքակրթութիւն։ Այս աշխարհայեացքը մարդոց սորվեցուց հնազանդիլ, երկրպագել ուժին եւ վերահսկողութիւնը շփոթել հոգատարութեան հետ։
Բայց մենք կրնանք ընտրել եւ տեսնել իրերը այնպէս ինչպէս որ են՝ սուտը իբրեւ սուտ եւ ճշմարիտը իբրեւ ճշմարիտ։ Մենք ի վիճակի ենք հաստատելու, որ իրական զօրութիւնը գերիշխանութեան մէջ չէ, այլ՝ կարեկցանքին մէջ է։ Իրական առաջնորդութիւնը վերահսկողութեան մէջ չէ, այլ՝ հասկացողութեան մէջ է։ Իսկ իսկական ընտանիքը հիմնուած է ոչ թէ վախի, այլ փոխադարձ յարգանքի վրայ։
Եթէ կ’ուզենք աւելի լաւ աշխարհ մը, պէտք է դադրինք հնազանդիլ «հօրը»… եւ սկսինք լսել զիրար։
Վարդան Թաշճեան
Գեղարդ
31 Յուլիս 2025







Մեկնաբանէ