Ատրպէյճանի իշխանութիւնները քանդած են ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի յուշարձանը Ստեփանակերտի մէջ:
Յովհաննէս Այվազովսքի ծնած է 29 Յուլիս 1817ին։ Յուշարձանը քանդած են անոր ծննդեան օրը։ Յուշարձանը տեղադրուած էր 2021ի Դեկտեմբերին։ Ան դարձած էր «ռուսական Փառքի ծառուղի» նախագիծի մէկ մասը եւ իրականացուած էր Արցախի իշխանութիւններու, տեղի ռուսական համայնքի եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ համատեղ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ