Կողբի մէջ տեղի ունեցած Վարդավառի տօնակատարութեան մասնակցած է նաեւ «Կարին» աւանդական երգի ու պարի համոյթը: Այս ծիրէն ներս համոյթի անդամները տօնակատարութեան մասնակիցներուն հետ անցուցին վարպետաց դաս։  

«Արմենփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Անի Գինոսեանն ըսաւ որ բարեբախտաբար յաջողած է իր հօր՝ Գագիկ Գինոսեանի ստեղծած աւանդոյթները պահպանել եւ զարգացնել:

Ան յայտնած է որ «Կարին» համոյթի հիմնական կազմը էական փոփոխութիւններ չէ կրած։ Մեծ մասը առնուազն ութ տարուայ անդամներ են։ Կան նաև համոյթի ներկայացուցիչներ, որոնք 10-15 տարուայ փորձառութիւն ունին։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ