ԱՄՆ պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիօ դատապարտեր է Փարիզի կողմէ Պաղեստինի պետութիւն ճանաչելու մտադրութիւնը։ Ռուպիօ X- պլոկի իր գրառումին մէջ Մաքրոնի որոշումը անուաներ է «անխոհեմ»։

Մաքրոն յայտարարեր էր որ Ֆրանսա Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր նստաշրջանին պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը։

Պաղեստինեան իշխանութիւնները ողջուներ են Ֆրանսայի այս քայլը։

Ներկայիս Պաղեստինի Պետութիւնը ճանչցած են ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններէն 140-ը։

Հայաստանը պաշտօնապէս ճանչցած է Պաղեստինի Պետութիւնը 2024 Յունիսին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ