
«Հայ երաժշտութիւնը ոչ միայն մեղկ ու տխուր չէ, այլ համակ ոյժ է եւ կենդանութիւն ու իր մէջ կը սնուցանէ փիլիսոփայութիւնն իսկ, ոգին իսկ իր ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին, ամէնէն հարազատն ու կենդանին անոր բոլոր արտայայտութեանց մէջ- կենդանի,- որքան կենդանի է այդ ցեղը, ուժեղ,- որքան ուժեղ է իրեն ծնունդ տուող ժողովուրդը»:
Կոմիտաս
Մօտաւորապէս 11 տարի առաջ էր, Երեւանի բանուկ գինետուներէն մէկուն մէկ ծխապատ անկիւնը հաւաքուած էինք խումբ մը երիտասարդներով՝ բոլորս ալ Լիբանանէն: Կէս գիշեր եղաւ, յանկարծ գինետան երգացանկը փոխուեցաւ:
Եւ Գառնիկ Սարգիսեանով բացուեցաւ հայրենասիրական- յեղափոխական երգերու կէսգիշերային յայտագիրը, ինչ որ հաճելի նորութիւն էր մեզի համար:
Քանի մը վայրկեան չէր անցած, արդէն մեր սեղանը միաբերան երգեցողութեամբ սկսաւ ուշադրութիւնը գրաւել այլ սեղաններէ մարդոց: Կամաց-կամաց մեծցաւ մեր խումբը, մեզի միացան Սուրիայէն հայեր: Կարծէք հայրենիքի մէջ հայրենասիրական երգեր երգելը ուրիշ համ ու արբեցութիւն ունէր: Խօսողը ոգին էր՝ ազգասիրական, ռազմահայրենասիրական, յեղափոխական ոգին:
Այնքան կիրքով ու ոգեւորութեամբ թնդացուցեր էինք գինետունը, որ մեր սեղանը այցելեց գերմանացի զբօսաշրջիկ մը, որ հիացած էր մեր արարողութեան վրայ: Կ’ուզէր իմանալ, թէ ի՛նչ կ’երգենք:
Բացատրեցինք իրեն, թէ ի՛նչ կ’երգենք, ո՛վ ենք, այս երգերը ի՛նչ կը նշանակեն մեզի համար: Այնքան խանդավառուած էր, որ ինքն ալ միացաւ երգչախումբին՝ առանց մէկ բառ իսկ հասկնալու:
Երբ խնճոյքը աւարտելու վրայ էր, առիթ ունեցանք ծանօթանալու մեզի երգակցողներուն: Հարաւային Ամերիկայէն տաքարիւն երկու երիտասարդներ կային. արդէն հոգեհարազատ էին մեզի, թէեւ իրար չէինք ճանչնար: Անոնցմէ մէկուն մօտեցայ քանի մը բառ փոխանակելու համար: Զարմանքնս մեծ եղաւ, երբ իմացայ, թէ պահեր առաջ հայրենասիրական-յեղափոխական երգերը ծայրէ ի ծայր երգողը հայերէն խօսելու եւ հասկնալու մեծ դժուարութիւն ունէր. ըստ երեւոյթին՝ միայն քանի մը բառ կը հասկնար եւ կը հասկցնէր՝ նշաններու լեզուին ապաւինելով: Զարմանալիօրէն ոչ թէ խօսելով, այլ երգով ու հոգիով իրար կը հասկնայինք:
Այս երիտասարդը հեռաւոր Հարաւային Ամերիկայէն Հայաստան ժամանած էր ոչ իբր լոկ զբօսաշրջիկ, այլ վերջնականապէս հաստատուելու նպատակով, իսկ իր երգածն ու ապրումները կը բխէին իսկական հայրենասիրութենէ, հայրենիքի կարօտէ, գաղափարաբանական գիտակից համոզումէ:
Տարի ետք, երբ Երեւանի Պետական Համալսարանի ուսանող էի, դարձեալ հանդիպեցայ այս լուսաւոր հայրենակիցին, որ հետագային լաւ բարեկամ պիտի դառնար: Ան արդէն որպէս հայրենադարձ հաստատուած էր ու կ’աշխատէր Երեւանի մէջ:
Մեր բարեկամը երգը գործի վերածելու մտադրութեամբ քառօրեայ պատերազմի ատեն կամաւորագրուեցաւ, բայց առիթ չունեցաւ ռազմաճակատ երթալու: Չորս տարի ետք՝ քառասունչորսօրեայ չարաբաստիկ պատերազմին, երբ արդէն հայերէն կը հասկնար ու կը խօսէր, ան մարզուեցաւ ու Արցախ փութաց՝ զինակից իր ընկերներուն հետ պաշտպանելու հայրենի հողը: Նոյնիսկ պատերազմէն ետք ան կամաւոր սահմանապահութեան պարտականութիւն կը կատարէր:
Առանց աւելորդ ձեւակերպութեանց ու առանց յոխորտալու՝ մեր բարեկամը ամենայն համեստութեամբ կը մերժէր գովասանքն ու իր ըրածներուն մասին խօսիլը:
Ահաւասիկ հայրենասիրութեան ասկէ աւելի վառ ու ուսուցանելի օրինա՞կ:
Կասկած չկայ, որ ազգային ոգիով դաստիարակուած ու թրծուած նման երիտասարդներ կան տարբեր գաղթօճախներու մէջ:
Հայապահպանութեան գոյամարտին մէջ, յատկապէս հայեցի դաստիարակութեան բնագաւառին մէջ թէ՛ լեզուի ազդակը, թէ՛ Հայաստանի ու հայութեան մասին գիտելիքի ջամբումը խիստ կարեւոր են, անկասկած, սակայն սփիւռքեան պայմաններու մէջ, մանաւանդ Ֆրանսայի, Ամերիկաներու եւ ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ, լեզուն եւ գիտելիքը ինչի՞ կը ծառայեն եւ մինչեւ ե՞րբ կը տոկան առանց ազգասիրական-հայրենասիրական ոգիի ու մթնոլորտի:
Հայ երաժշտութեան թրթռացնող ազգային ոգին է, որ հայ աշակերտը իր արմատներուն կը կապէ, նոյնիսկ հեռաւոր Ամերիկաներուն մէջ:
Հայրենասիրական երգերու մեղեդիէն խոյացող հայկական ոգին է, որ հայ պատանին իր նախահայրերուն կը կապէ:
Համաստեղի հայու ոգին է, որ աստանդական հայ երիտասարդը իր պատմական հայրենիքին կառչած կը պահէ:
Նոյն այդ ոգին է, որ պիտի մղէ հայ մանուկը հպարտութեամբ երգելու «Առաւօտ լուսոյ»-ն ու «Մենք մանուկներ հայոց ազգի»-ն:
Տան մէջ, դպրոցին մէջ, եկեղեցիին թէ ակումբին մէջ հայ երաժշտութեամբ օրհնուած ազգային մթնոլորտն է, որ պիտի արթնցնէ իւրաքանչիւր հայու ազգային ինքնագիտակցութիւնը:
Դրական մթնոլորտի ու ազգային այս շունչի շնորհիւ է, որ հայ աշակերտը պիտի սիրէ իր լեզուն ու գուրգուրայ անոր վրայ, հպարտութեամբ պիտի արտասանէ «Հայ լեզուն տունն է հայուն» եւ խորապէս պիտի զգայ «հայ հոգին»:
Եւ հայկական երաժշտութենէն աւելի ի՞նչը կրնայ սփիւռքահայ երիտասարդին ու պատանիին ազգային ինքնագիտակցութիւնը արթնցնել ու խանդ տալ անոր:
Ո՞ր ոյժը կրնայ զօրաշարժել ու մարտականացնել հեռաւոր ափերու հայ երիտասարդը, եթէ ոչ՝ հայրենասիրական ու յեղափոխական երգերը:
Հրայր Եսայեան
Հայրենիք
21 Յուլիս 2025







Մեկնաբանէ