
Կալանաւորուած միլիառատէր գործարար Սամուէլ Կարապետեանը յայտ ներկայացուց պաշտօնապէս քաղաքական դաշտ մտնելու եւ հաւանաբար յաջորդ ընտրութիւններուն մասնակցելու։
«Մեծ յարգանքով եմ վերաբերւում մինչ օրս Նիկոլ Փաշինեանի հակազգային իշխանութեան քաղաքականութեան դէմ իրական պայքար մղած քաղաքական ուժերին եւ գործիչներին։ Բայց մենք Հայաստանի համար լաւ ապագայ կառուցելու մեր պատկերացումն ունենք։ Ու գնալու ենք մեր ճանապարհով, մեր նոր թիմով՝ չբացառելով ներքաղաքական համագործակցութիւնը համախոհների հետ»,- իր յայտարարութեան մէջ ըսած է Կարապետեան:
Կարապետեան ձերբակալուեցաւ վերջերս, իր կատարած այն յայտարարութեան համար, ուր կ’ըսէր թէ, «Եթէ քաղաքական գործիչներուն չյաջողի, ապա մենք մեր ձեւով պիտի միջամտենք եկեղեցւոյ դէմ արշաւին»: Այս յայտարարութիւնը իրաւապահներուն կողմէ նկատուեցաւ պետութեան դէմ սպառնալիք, մանաւանդ որ այդ կը զուգադիպէր «Սրբազան Պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ Գալստանեանի ձայնագրութիւններուն հետ, ուր ան կը խօսէր իշխանութիւնը բռնի եղանակով տապալելու մասին եւ հոն կը յիշատակուէր նաեւ Կարապետեանի անունը՝ որպէս շարժումին աջակցելու պատրաստ մեծահարուստ։
Սամուէլ Կարապետեան Հայաստանի մէջ ունի նաեւ տնտեսական իր լծակները, որոնցմէ գլխաւորը «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» ընկերութիւնն է։ Վերջերս Ազգային ժողովը վաւերացուց կառավարութեան առաջարկը՝ այդ ընկերութիւնը ազգայնացնելու առնչութեամբ։ Վերջին ժամանակներուն երկրէն ներս հոսանքի աւելի յաճախակի անջատումները նպաստեցին, որ կառավարութիւնը դիմէ այդ քայլին։ Կար նաեւ մտահոգութիւն, որ հոսանքային անջատումները, յատկապէս ընտրութիւններէն առաջ, կրնան օգտագործուիլ որպէս զէնք՝ ժողովուրդին դժգոհութիւնը ուղղելու համար դէպի իշխանութիւնները։
Իր հարստութեան մեծ մասը Ռուսաստանի մէջ կուտակած ու այդ երկրի քաղաքացին հանդիսացող Սամուէլ Կարապետեանի պաշտօնապէս քաղաքական ասպարէզ մուտքը եկաւ հիմնաւորելու այն կասկածը, որ ան Հայաստան գործուղուած է Քրեմլինի կողմէ՝ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութենէն հեռացնելու նպատակով։ Այս ծրագիրը կը նմանեցուի Վրաստանի օրինակին, երբ Ռուասատանի մէջ միլիառատէր դարձած մէկ այլ օլիկարխ՝ Պիծինա Իվանիշվիլի յաջողեցաւ ընտրութիւններու միջոցաւ հասնիլ իշխանութեան ու սկսաւ Վրաստանը կամաց-կամաց հեռացնել Արեւմուտքէն ու մօտենալ Ռուսաստանին։
Քաղաքական շրջանակներուն ու նաեւ հասարակութեան մօտ արդէն իսկ կը յառաջանայ մտավախութիւն, որ, յաջողութեան հասնելու պարագային, Կարապետեան պիտի դառնայ Մոսկուայի կամակատարը, այլապէս կրնայ ամբողջութեամբ ունեզրկուիլ, ինչպէս պատահած է բազմաթիւ այլ ռուս օլիկարխներու հետ, որոնք չեն կատարած Քրեմլինի պահանջները։
Կարապետեան չի թաքցներ, որ ինք կողմնակից է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման, նոյնիսկ Ռուսաստան-Պելառուս միութենական պետութեան միանալու առումով։
Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան, Եւրոպային մօտենալու, Արեւմուտքէն արդիական զինատեսակներ ապահովելու ծրագրերուն, տնտեսական մենաշնորհներու եւ փտածութեան դէմ պայքարին, այդ բոլորը կը շրջուին ու Հայաստան կը դառնայ Ռուսաստանի մէկ գաւառը։
Մեր կարծիքով, Սամուէլ Կարապետեանին կը սպասէ նոյն ճակատագիրը, որ վիճակուեցաւ իշխանափոխութեան համար փողոց դուրս եկած միւս շարժումներուն։ Հայաստանի քաղաքացիները պատրաստ չեն վերադառնալու նախաթաւշեայ յեղափոխութեան շրջան, որքան որ ալ ունին դժգոհութիւններ ներկայ իշխանութիւններէն։
Սամուէլ Կարապետեանի հրապարակ գալը իշխանութիւններէն աւելի պէտք է մտահոգէ այժմու՝ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգիսեանի գլխաւորած ընդդիմութեան, որոնցմէ շատեր պիտի ուզեն միանալ այս աւելի հարուստ անձնաւորութեան գլխաւորած շարժումին։
Սամուէլ Կարապետեանի առջեւ կայ նաեւ մէկ այլ կարեւոր արգելք։ Ան, ըլլալով երկքաղաքացի, իրաւունք չունի դառնալու Հայաստանի վարչապետ, իսկ առանց առաջին դէմքի առաջնորդութեան դժուար թէ գտնուի մէկ այլ անուն, որ կարենայ դառնալ Նիկոլ Փաշինեանի լուրջ մրցակից։
Գրիգոր Խոտանեան
Արարատ
19 Յուլիս 2025







Մեկնաբանէ