Լեհաստանի մէջ Սեպտեմբերին նախատեսուած զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին ՆԱԹՕ-ին անդամակցող երկիրներու 34 հազար զինուորականներ կը յայտնէ Լեհաստանի բանակի սպայակոյտի մամլոյ ծառայութիւնը։

Iron Defender (Երկաթէ պաշտպան) անունով զօրավարժութիւնները 2025ին Լեհաստանի բանակի ամէնամեծ եւ ամէնակարեւոր նախաձեռնութիւններէն է։

Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի որ դաշնակիցները Լեհաստանի զինուորներուն հետ պիտի մշակեն թշնամիին յարձակումը յաջող կերպով զսպելու եւ Լեհաստանի տարածքը պաշտպանելու ունակութիւնը:

Կը նշուի նաեւ որ զօրավարժութիւնները ուղղուած չեն որեւէ երկրի դէմ, այլ անոնց նպատակն է դրսեւորել ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու միասնութիւնը, արհեստավարժութիւնը եւ մարտունակութեան հետեւողական կատարելագործումը։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ