
ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը կոչ ըրած Թայլանտին եւ Քամպոտիոյ զսպուածութիւն ցուցաբերել, հաշուի առնելով քաղաքացիական բնակչութեան զոհերու մասին լուրերը, կը յայտնէ Reuters։
Երկու երկիրներուն միջեւ բախումներ սկսած են Յուլիս 24ին։ Թայլանտական F-16 ռմբակոծիչը հարուածած է Քամբոտիոյ մէջ կարգ մը թիրախներու։ Թայլանտ փակած է Քամպոտիոյ հետ բոլոր սահմանային անցակէտերը։
Քամպոտիոյ վարչապետը դիմած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին, «հրատապ նիստ» հրաւիրելու կոչով։
Վերջին երկու ամիսներուն երկու երկիրները սահմանային սահմանափակումներ էին սահմանել մէկը միւսի նկատմամբ։ Իսկ վերջին շաբաթներուն երկու երկիրներն ալ իրենց զօրքերուն թիւը աւելցուցած էին սահմաններուն վրայ։







Մեկնաբանէ