
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Յուլիս 23ին ընդունած է Ատրպէյճանի մէջ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճորճ Տիքին, որ դիւանագիտական առաքելութեան աւարտի հրաժեշտ այցելութիւն կու տար Պայրամովին, կը հաղորդէ Trend գործակալութիւնը։
Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Տիքին անոր արդիւնաւէտ դիւանագիտական ծառայութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթած ապագայ գործունէութեան համար։
Կողմերը քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակը։
Անոնք մտահոգութիւն յայտնած Միջին Արեւելքի լարուած իրավիճակի մասին, իսկ Ատրպէյճանը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած՝ նպաստելու այդ գործընթացին։







Մեկնաբանէ