
Black Sabbath խումբի իր գործընկերներուն հետ վերամիաւորուելէն եւ համակիրներուն համար մեծ հրաժեշտի համերգէն քանի մը շաբաթ ետք, Օզի Օզպըրն մահացաւ, կը հաղորդէ Sky News։
Շուրջ երեք շաբաթ առաջ, իր ծննդավայր Պիրմինկհէմ քաղաքի Villa Park մարզադաշտի բեմին վրայ ելոյթ ունենալով, Օզպըրն համակիրներուն ըսած էր. «Դուք չէք պատկերացներ թէ ինչ կը զգամ. սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզ»:
Այդ համերգը կազմակերպուած էր 76 տարեկան երգիչի «վերջին խոնարհումին» համար եւ ելոյթ ունեցան անոր սիրելի խումբերէն՝ Metallica-ն եւ Guns N’ Roses-ը:







Մեկնաբանէ