Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը հերքած է տարածուող լուրերը, թէ ծաղիկ արտածող  տնտեսվարողներն այլ երկւրներէ ծաղիկներ կը ներածեն Հայաստան եւ զանոնք կը վերարտածանեն Ռուսիա։

Նախարարութիւնը նշած է որ ներածուող ծաղիկի քանակները չնչին են Հայաստանէն Ռուսիա արտածուող քանակի համեմատ։

Վերջին շրջանին Ռուսիա սահմանափակած է Հայաստանէն ծաղիկներու ներածումը։ Ռուսիոյ կիրառած սահմանափակումները դժգոհութիւն առաջացուցած են ծաղիկներ արտածողներուն մօտ, որոնք բողոքի հաւաքներ կազմակերպած են, պահանջելով խնդրին լուծում գտնել։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ