Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն հրապարակած է 2025ի երկրորդ եռամսեակի զեկոյցը, ներկայացնելով խօսքի ազատութեան վիճակն ու ԶԼՄ-ներու հանդէպ խախտումների բնոյթը։ Կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեան ասուլիսի ընթացքին նշած է որ Հայաստանի մէջ երկրորդ եռամսեակը հասարակական-քաղաքական առումով բաւականին լարուած ժամանակահատուած էր, որ ուղղակիօրէն անդրադարձած է լրատուական դաշտին վրայ։

Ան նշած է որ աւելցած են լրագրողներու նկատմամբ ճնշումները, արձանագրուած է ֆիզիքական բռնութեան 2 դէպք, կը յայտնէ Panorama.am։

Ներկայացուած վիճակագրութեան համաձայն, 2025ի երկրորդ եռամսեակին արձանագրուած է ճնշումներու 36 դէպք, որ 11-ով աւելի է նախորդ եռամսեակի ցուցանիշէն։ Արձանագրուած է նաեւ ֆիզիքական բռնութեան երկու դէպք, որոնք իրականացուած են իրաւապահ մարմիններու կողմէ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ