
Անցեալ Դեկտեմբերին Ասատի վարչակարգի անկումը նոր հորիզոններ բացաւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ ապագային հետ կապուած։
Առաջին տպաւորութիւնը այն էր որ նոր վարչակարգը, Ահմատ Ալ Շարաայի գլխաւորութեամբ, վայելելով Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու ամբողջական աջակցութիւնը, պիտի կարենայ Սուրիոյ տագնապին աւարտը ազդարարել եւ նոր էջ մը բանալ Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ։
Սակայն յաջորդող ամիսներուն եւ մասնաւորաբար անցնող շաբաթուան դէպքերը եկան յուշելու որ Սուրիոյ առժամեայ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ երկիրը կայունացնելու եւ պահպանելու անոր ամբողջականութիւնը։
Բայց մինչ այդ, արդէն բազմաթիւ արաբ եւ օտար վերլուծաբաններ յաճախ անդրադարձան Սուրիան մասնատելու ծրագիրի մը գոյութեան։ Մասնատման այս ծրագիրը կը բախի Թուրքիոյ ընդդիմութեան, որովհետեւ, ըստ տարածուող տեղեկութիւններուն, քիւրտերը եւս պիտի ունենան իրենց պետութիւնը Սուրիոյ հիւսիսը, որ ներկայիս կը գտնուի ԱՄՆի վերահսկողութեան տակ։
Անցեալ շաբաթ, տիւրզիաբնակ շրջաններուն մէջ պատահած դէպքերը եւ Իսրայէլի զինուորական ուղղակի միջամտութիւնը յաւելեալ ապացոյց բերին Սուրիան մասնատելու ծրագիրներուն։
Երկրին ներկայ վարչակարգը կը գտնուի ամբողջութեամբ թրքական ազդեցութեան տակ։ Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը յայտնեն թէ թրքական գաղտնի սպասարկութեան բարձրաստիճան սպաներ մնայուն ներկայութիւն են Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ եւ ուղղորդիչ ազդեցութիւն ունին նախագահին քայլերուն եւ որոշումներուն վրայ։
Սակայն Իսրայէլ տարբեր կարծիք ունի, որ յաճախ կ՛արտայայտուի իսրայէլեան մամուլին կողմէ։
Որոնք են Ւսրայէլի հեռահար նպատակները.
Ա – Իսրայէլի իշխող ծայրայեղ աջը, չէզոքացնելէ ետք իրանեան սպառնալիքը, որ ներկայ էր Սուրիոյ մէջ, պիտի չհանդուրժէ որ այդ բացը լրացնէ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող սիւննի ծայրայեղականութիւնը։ Այդ մէկը նոյնքան սպառնալիք է Իսրայէլի ապահովութեան։
Բ – Իսրայէլ Սուրիան կը նկատէ արհեստական պետութիւն, որ ստեղծուած է Օսմանեան կայսրութեան քայքայումով։ Իսկ անոր արաբականութեան դիմագիծը ՊԱԱՍ կուսակցութեան հնարած լոզունգն է։ Եւ ինչպէս որ Լիբանանի քրիստոնեաները անջատուեցան եւ ստեղծեցին պետութիւն, ապա միւս համայնքները եւս պէտք է ունենան իրենց պետութիւնը։
Գ – Երկրորդ կէտի տրամաբանութենէն մեկնած Սուրիոյ իւրաքանչիւր էթնիկ եւ կրօնական հաւաքականութիւն պէտք է ունենայ իր ուրոյն հայրենիքը, որով կը ստեղծուին քանի մը փոքր պետութիւններ, որոնցմէ է նաեւ քրտական պետութիւնը։ Այս ձեւով թրքական ազդեցութիւնը եւ սպառնալիքը կը հեռացուին Իսրայէլի սահմաններէն։ Յիշեցնենք որ Էրտողան բազմիցս յայտարարած է Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու իր երազանքի մասին, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ Իսրայէլը։ Իսկ Սուրիոյ հարաւը տիւրզիական պետութեան ստեղծումով, Իսրայէլ կը հեռացնէ նաեւ ալաուիական վտանգը, որոնք դաշնակից կը նկատուին Իրանին։ Այս ձեւով Սուրիոյ հարաւը իրեն դաշնակից պետութիւն ունենալով, Իսրայէլ «ապահովութեան գօտի» մը ստեղծած կ՛ըլլայ հիւսիսային իր սահմանի մեծ հատուածին վրայ։
Դ – Իսրայէլ երբեք պիտի չհանդուրժէ իր սահմանին վրայ ահաբեկիչներու կողմէ ղեկավարուող երկիր մը։ Սուրիոյ առժամեան նախագահը նոյնիսկ եթէ արտաքնապէս փոխուած է, Իսրայէլի համար կը մնայ ահաբեկիչ եւ շրջապատուած ահաբեկիչներով եւ նոյն ոճով ալ կը շարունակեն գործել։ Անցեալին նոյն այս փորձառութիւնը Իսրայէլ ապրած է Արաֆաթի հետ եւ այսօր չուզեր կրկնել այդ սխալը Ճոլանիի հետ։
Այս հանգամանքներէն մեկնած Իսրայէլ պիտի չհանդուրժէ մէկ եւ միացեալ Սուրիոյ գոյութիւնը իր սահմանին վրայ։ Անցնող շաբաթուան դէպքերը եւ անոր զինուորական միջամտութիւնը իսրայէլեան ծրագրին դրսեւորումն էին։
Բնականաբար, իսրայէլեան այս ծրագիրին ամէնամեծ ընդդիմադիրը կը մնայ Թուրքիան։ Բացի օսմանեան կայսրութեան իր երազանքներէն, Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ քրտական պետութեան մը ստեղծումը, որ կրնայ Թուրքիոյ քիւրտերուն խթան հանդիսանալ դիմելու անջատողական քայլերու։ Թուրքիա նաեւ կ՛աշխատի իր ազդեցութեան տակ առնել Լիբանան, օգտագործելով ծայրայեղ սիւննի հոսանքները։
Սուրիոյ շուրջ այս տարակարծութիւնը խորքային է առերեւոյթ երկու բարեկամ-դաշնակից պետութիւններուն միջեւ։ Անշուշտ այստեղ մեծ դերակատարութիւն ունի նաեւ ԱՄՆ-ն։ Սակայն Իսրայէլի վերջին 75 տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ ԱՄՆ-ն երբեք չի զոհեր Իսրայէլը։







Մեկնաբանէ