
Մոսկուա կը սպասէ պաշտօնական վճիռներուն, եթէ Ատրպէյճանը միջազգային դատական ատեաններու մօտ դատական հայց յարուցէ Ռուսիոյ դէմ՝, Աքթաուի մերձակայքը տեղի ունեցած օդանաւի կործանումին պատճառով, յայտարարեր է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Պեսկով:
Ատրպէճանական լրատուամիջոցներ յայտնած էին որ Պաքուն փաստաթուղթեր կը պատրաստէ միջազգային դատական ատեաններ ներկայացնելու Աքթաուի մերձակայքը AZAL օդանաւի կործանումին առընչութեամբ
Միեւնոյն ժամանակ Պեսկով յայտարարած է որ Մոսկուայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները ամուր հիմք ունին, բայց այժմ բարդ շրջան կը բոլորեն։
Քրեմլի ներկայացուցիչը նշեր է նաեւ որ Ռուսիոյ ատրպէճանական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն ճնշող մեծամասնութիւնը օրինապահ քաղաքացիներ են: Միայն օրէնքը խախտողներն կը հետապնդուին։







Մեկնաբանէ