
«Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմերու 22րդ միջազգային փառատօնը, եզրափակուեցաւ Յուլիս 19ին, Կինոյի տան մէջ մրցանակաբաշխութեամբ։
Մրցանակները յանձնեց յետյեղափոխական իրանական ֆիլմարուեստի կարեւոր դէմքերէն, «Երկրորդ ալիքի» ներկայացուցիչ Ամիր Նատերին, որ 22րդ «Ոսկէ Ծիրան»-ի պատուաւոր հիւրն էր։
Փառատօնի յատուկ՝ «Փարաջանովեան Թալեր» մրցանակը ֆիլմարուեստի մէջ իր ունեցած վաստակին համար յանձնուեցաւ ժիւրիի նախագահ, Քաննի փառատօնի եւ Սեզարի մրցանակակիր, մաւրիտանացի Աբպըրահման Սիսաքոյին։







Մեկնաբանէ