Հայաստանի ազգային հերոս, ֆրանսահայ նշանավոր երգիչ, շանսոնիե, բանաստեղծ և հասարակական գործիչ Շառլ Ազնավուրի արձանի բացման արարողությունը

Այսօր, Յուլիս 18ին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ, հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ 

Հայաստանի ազգային հերոս, ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, շանսոնիէ, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի «Լա Պոհէմ» խորագիրը կրող արձանի ամբողջ ծախսը հոգացած է Երեւանի քաղաքապետարանը։ 

Պրոնզաձոյլ արձանի հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Մինասեան։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի կրթութեան նախարարը, Երեւանի քաղաքապետը, Ֆրանսայի դեսպանը, Ազնաւուրի զաւակը եւ բազմաթիւ հայորդիներ։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ազնաւուրի յայտնի երգերուն ընկերակցութեամբ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ